Loading...

Proverbs 4

Psalm  «  Proverbs 3  ‹  Proverbs 4  ›  Proverbs 5  »  Ecclesiastes


ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

1

Որդինե՛ր, լսեցէ՛ք ձեր հօր խրատը, Եւ ուշադի՛ր եղէք՝ որպէսզի խելացութիւնը գիտնաք.

2

Որովհետեւ ձեզի լաւ կրթութիւն կու տամ, Իմ 1ուսուցումս մի՛ լքէք։

3

Արդարեւ ես իմ հօրս որդին էի, Փափուկ եւ մէկ հատիկ՝ իմ մօրս առջեւ։

4

Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող պահէ, Իմ պատուիրաններս պահէ եւ ապրի։

5

Իմաստութի՛ւն ստացիր, խելացութի՛ւն ստացիր. Մի՛ մոռնար, ու մի՛ շեղիր բերանիս խօսքերէն։

6

Մի՛ լքեր զայն, եւ ան քեզ պիտի պահէ. Սիրէ՛ զայն, եւ ան քեզ պիտի պաշտպանէ։

7

Գլխաւոր բանը իմաստութիւնն է. իմաստութի՛ւն ստացիր, Ու բոլոր 2վաստկածներուդ հետ խելացութի՛ւն ստացիր։

8

Զայն մեծարէ՛, եւ ան քեզ պիտի բարձրացնէ. Եթէ զայն գրկես, քեզ պիտի պատուէ։

9

Ան քու գլուխիդ շնորհքի ծաղկեպսակ պիտի դնէ. Քեզի շքեղ թագ պիտի յանձնէ»։

10

Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կս, եւ ընդունէ՛ խօսքերս, Ու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։

11

Քեզի քալել սորվեցուցի իմաստութեան ճամբային մէջ, Քեզ 3առաջնորդեցի ուղղամտութեան արահետներուն մէջ,

12

Որպէսզի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը 4չկաշկանդուին, Եւ վազելու ատենդ չգայթիս։

13

Ամո՛ւր բռնէ խրատը, ու բնաւ մի՛ թողուր. Պահէ՛ զայն, որովհետեւ ա՛ն է քու կեանքդ։

14

Ամբարիշտներուն ճամբայէն մի՛ երթար, Ու չարերուն ուղիին մէջ մի՛ քալեր.

15

Անկէ խուսափէ՛, անոր քովէն մի՛ անցնիր. Անկէ շեղէ՛ եւ 5հեռացի՛ր.

16

Որովհետեւ անոնք մինչեւ որ չարիք չընեն՝ չեն քնանար, Ու եթէ մէկը 6չտապալեն՝ իրենց քունը կը փախչի։

17

Արդարեւ անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն, Եւ բռնութեան գինին կը խմեն.

18

Բայց արդարներուն ուղին պայծառացող լոյսին պէս է, Որ հետզհետէ կը 7շողայ՝ մինչեւ որ 8կատարեալ օր ըլլայ։

19

Ամբարիշտներուն ճամբան մթութեան պէս է, Ու չեն գիտեր թէ ի՛նչպէս պիտի գայթին։

20

Որդեա՛կս, ուշադի՛ր եղիր իմ հրահանգներուս, Դարձո՛ւր ականջներդ իմ խօսքերուս։

21

Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, Պահէ՛ զանոնք սիրտիդ մէջ.

22

Որովհետեւ անոնք կեանք են զիրենք գտնողներուն, Եւ առողջութիւն՝ անոնց ամբողջ մարմինին։

23

Պահէ՛ սիրտդ ամբողջ զգուշութեամբ, Քանի որ կեանքի 9աղբիւրները անկէ են։

24

Մեկուսացո՛ւր քեզմէ ծուռ բերանը, Հեռացո՛ւր քեզմէ խարդախ շրթունքը։

25

Քու աչքերդ դիմացը թող նային, Ու կոպերդ ուղղէ՛ դէպի առջեւդ։

26

Ոտքերուդ արահետները 10քննէ՛, Եւ բոլոր ճամբաներդ թող հաստատուին։

27

Աջ կամ ձախ կողմ մի՛ շեղիր, Ոտքդ չարութենէն հեռացո՛ւր։



1 Եբր.՝ օրէնքս
2 Եբր.՝ ինչքիդ
3 Եբր.՝ քալեցուցի
4 Եբր.՝ տագնապին
5 Եբր.՝ անդիէ՛ն անցիր
6 Եբր.՝ չգայթեցնեն
7 Եբր.՝ լուսաւորուի
8 Եբր.՝ հաստատ
9 Եբր.՝ ելքերը
10 Եբր.՝ կշռէ՛