Proverbs 5
Psalm « Proverbs 4 ‹ Proverbs 5 › Proverbs 6 » Ecclesiastes
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՇՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
1Որդեա՛կս, ուշադի՛ր եղիր իմաստութեանս, Եւ դարձո՛ւր ականջդ իմ հանճարիս,
2Որպէսզի մտախոհութեան ուշադիր ըլլաս, Ու շրթունքդ գիտութիւնը պահէ։
3Արդարեւ օտար կնոջ շրթունքէն մեղրախորիսխ կը կաթի, Եւ անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.
4Բայց անոր վախճանը օշինդրի պէս դառն է, Ու երկսայրի սուրի պէս սրածայր։
5Անոր ոտքերը մահուան 1կը տանին՝՝, Եւ անոր քայլերը 2դժոխք կը 3հասնին։
6Անոր արահետները 4անկայուն են, ու չես կրնար զանոնք ճանչնալ, Որպէսզի կեանքի ուղին 5չքննես։
7Ուստի հիմա, որդինե՛ր, մտի՛կ ըրէք ինծի, Եւ մի՛ շեղիք բերանիս խօսքերէն։
8Հեռացո՛ւր ճամբադ 6այդ կնոջմէն՝՝, Ու մի՛ մօտենար անոր տան դրան.
9Որ քու վայելչութիւնդ ուրիշներու չտաս, Եւ տարիներդ՝ անգութ մարդուն.
10Որ օտարները քու զօրութենէդ չկշտանան, 7Վաստակդ օտարազգիներուն 8տունը չմտնէ՝՝.
11Որ վերջին օրերդ 9չհառաչես՝ Երբ քու մարմինդ եւ անդամներդ 10հիւծած ըլլան,
12Ու չըսես. «Ի՜նչպէս խրատը ատեցի, Եւ սիրտս ազդարարութիւնը 11անարգեց.
13Ուսուցիչներուս խօսքը մտիկ չըրի, Ականջս ինծի սորվեցնողներուն չդարձուցի.
14Քիչ մնաց որ ամէն տեսակ ձախորդութեան հանդիպէի Համախմբումին ու համայնքին մէջ»։
15Քո՛ւ ջրամբարէդ ջուր խմէ, Քո՛ւ ջրհորիդ մէջ հոսող ջուրէն։
16Միթէ աղբիւրներդ դուրսը տարածուելո՞ւ են, Կամ ջուրի առուները՝ հրապարակներուն մէջ։
17Անոնք միա՛յն քուկդ թող ըլլան, Ո՛չ թէ քուկդ եւ օտարներուն։
18Քու աղբիւրդ օրհնեա՜լ ըլլայ, Ու երիտասարդութեանդ կնոջ հետ ուրախացի՛ր։
19Ան քեզի սիրատենչ եղնիկի պէս թող ըլլայ, Եւ շնորհալի այծեամի պէս. Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող յագեցնեն, Ու շարունակ անոր սիրով 12զմայլէ՛։
20Ինչո՞ւ, որդեա՛կս, օտար կնոջ մը զմայլիս, Օտարազգիին ծոցը գրկես։
21Արդարեւ մարդուն ճամբաները Տէրոջ աչքերուն առջեւ են, Եւ ինք անոր բոլոր 13քայլերը կը 14քննէ։
22Ամբարիշտին անօրէնութիւնները զինք պիտի բռնեն. Իր մեղքին պարաններով պիտի 15կապուի։
23Ան խրատի պակասէն պիտի մեռնի, Իր մեծ յիմարութեամբ պիտի մոլորի։