Loading...

Proverbs 6

Psalm  «  Proverbs 5  ‹  Proverbs 6  ›  Proverbs 7  »  Ecclesiastes


ԱՒԵԼԻ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

1

Որդեա՛կս, եթէ ընկերիդ համար երաշխաւոր եղար, Կամ օտար մարդու մը համար 1գրաւական տուիր՝՝,

2

Քու բերանիդ խօսքերով որոգայթի մէջ ինկար, Բերանիդ խօսքերով բռնուեցար։

3

Որդեա՛կս, հիմա սա՛ ըրէ, որպէսզի ազատիս, Քանի ընկերիդ ձեռքը 2ինկար.— Գնա՛, 3խոնարհէ՛, Պնդէ՛ ընկերիդ.

4

Աչքերուդ քուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ կոպերուդ՝ մրափ.

5

Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը կ’ազատի որսորդին ձեռքէն, Կամ ճնճղուկը՝ թռչնորսին ձեռքէն։

6

Ո՛վ ծոյլ, գնա՛ մրջիւնին, Տե՛ս անոր ճամբաները եւ իմաստո՛ւն եղիր.

7

Որովհետեւ ան թէեւ մեծաւոր, Ոստիկան կամ կառավարիչ չունի,

8

Իր 4կերակուրը ամառը կը պատրաստէ, Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը ժողվէ։

9

Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։

10

Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը մրափես, Եւ քիչ մը ձեռքերդ ծալես՝ ննջելու համար,

11

Քու թշուառութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ, Ու կարօտութիւնդ՝ վահանակիր մարդու պէս։

12

5Չար մարդը, անօրէն մարդը Ծուռ բերանով կը շրջի.

13

Ան իր աչքերով նշան կ’ընէ, Ոտքերով կը խօսի, Ու մատներով կը սորվեցնէ։

14

Անոր սիրտին մէջ նենգութիւն կայ. Միշտ չարիք կը նիւթէ ու կռիւներ կը ծագեցնէ։

15

Հետեւաբար անոր ձախորդութիւնը յանկարծ պիտի գայ. Յանկարծ պիտի կոտրուի, եւ անոր դարման պիտի չըլլայ։

16

Տէրը սա՛ վեց բանը կ’ատէ, Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան գարշելի է.—

17

Գոռոզ աչքեր, ստախօս լեզու, Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,

18

Անօրէն հնարք նիւթող սիրտ, Չարութեան համար շտապելով վազող ոտքեր,

19

Սուտեր արտաբերող 6սուտ վկայ, Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ծագեցնող մարդ։


ՇՆՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

20

Որդեա՛կս, պահէ՛ քու հօրդ պատուիրանը, Եւ երեսէ մի՛ ձգեր մօրդ 7ուսուցումը.

21

Զանոնք շարունակ կապէ՛ քու սիրտիդ վրայ, Զանոնք կախէ՛ վիզէդ։

22

Երբ քալես՝ 8անոնք քեզ պիտի առաջնորդեն, Երբ քնանաս՝ քեզ պիտի պահպանեն, Ու երբ արթնննաս՝ քեզի հետ պիտի խօսակցին։

23

Արդարեւ պատուիրանը ճրագ է, եւ 9ուսուցումը՝ լոյս. Խրատն ու ազդարարութիւնները կեանքի ճամբայ են,

24

Որպէսզի քեզ պահեն վատ կնոջմէն, Օտարազգիին շողոքորթող լեզուէն։

25

Սիրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեան մի՛ ցանկար, Ու քեզ թող չգրաւէ իր կոպերով.

26

Որովհետեւ պոռնիկ կնոջ պատճառով Մարդ նոյնիսկ հացի նկանակի մը կարօտ կ’ըլլայ, Եւ շնացող առնակինը պատուական անձը կ’որսայ։

27

Կարելի՞ է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ, Ու անոր հագուստները չայրին։

28

Կարելի՞ է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ, Եւ անոր ոտքերը չայրին։

29

Ա՛յդպէս է իր ընկերին կնոջ քով գացողն ալ. Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չ’ըլլար։

30

Գողը չեն արհամարհեր, երբ անօթի ըլլալով գողնայ՝ Իր 10փորը կշտացնելու համար.

31

Սակայն եթէ բռնուի՝ եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, Իր տան ամբողջ ստացուածքը պիտի տայ։

32

Կնոջ մը հետ շնութիւն ընողը պակասամիտ է. Ասիկա ընողը իր անձը կը փճացնէ։

33

Ան վէրք եւ անարգանք կը գտնէ, Ու անոր նախատինքը անջնջելի է։

34

Արդարեւ նախանձախնդրութիւնը 11ամուսինին ցասումն է, Եւ ան վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր.

35

Ան ո՛չ մէկ փրկանքի 12ուշադրութիւն պիտի դարձնէ՝՝, Ո՛չ ալ պիտի ուզէ, նոյնիսկ եթէ կաշառքը շատցնես։



1 Եբր.՝ ափերդ զարկիր
2 Եբր.՝ մտար
3 Կամ՝ հպատակէ՛
4 Եբր.՝ հացը
5 Եբր.՝ Բելիարի
6 Կամ՝ կեղծ
7 Եբր.՝ օրէնքը
8 Եբր.՝ ան
9 Եբր.՝ օրէնքը
10 Եբր.՝ անձը
11 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
12 Եբր.՝ երես պիտի վերցնէ