Proverbs 7
Psalm « Proverbs 6 ‹ Proverbs 7 › Proverbs 8 » Ecclesiastes
1
Որդեա՛կս, պահէ՛ իմ խօսքերս, Ու քո՛վդ 1ամբարէ պատուիրաններս։
2Պահէ՛ իմ պատուիրաններս՝ որ ապրիս, Նաեւ 2ուսուցումս՝ քու աչքերուդ բիբին պէս։
3Կապէ՛ զանոնք մատներուդ վրայ. Գրէ՛ զանոնք սիրտիդ տախտակին վրայ։
4Ըսէ՛ իմաստութեան. «Դուն իմ քոյրս ես», Ու խելացութիւնը «ծանօթ» կոչէ.
5Որպէսզի քեզ օտար կնոջմէն պահեն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտարազգիէն։
ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԻՆԸ
6Արդարեւ իմ տանս պատուհանէն՝ Իմ վանդակափեղկէս նայեցայ,
7Եւ միամիտներուն մէջ տեսայ, 3Երիտասարդներուն մէջ նկատեցի պակասամիտ պատանի մը,
8Որ փողոցին մէջ 4այդ կնոջ՝՝ տան անկիւնին քովէն կ’անցնէր, Եւ անոր տան 5ճամբան բռնեց՝՝։
9Մթնշաղին, 6երբ օրը տարաժամեցաւ՝՝ Ու գիշերուան 7մութը տիրեց՝՝,
10Ահա՛ անոր առջեւ կին մը ելաւ՝ Որ պոռնիկի հագուածք ու 8նենգաւոր սիրտ ունէր։
11Ան 9աղմկարար եւ անպատկառ՝՝ էր. Անոր ոտքերը իր տան մէջ չէին կենար։
12Երբեմն դուրսն էր, երբեմն՝ հրապարակները, Եւ ամէն անկիւնի քով դարանակալ կ’ըլլար։
13Զայն բռնեց, համբուրեց, Ու 10լիրբ երեսով անոր ըսաւ.
14«Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, Եւ այսօր ուխտերս կատարեցի։
15Հետեւաբար դուրս ելայ քեզ դիմաւորելու, Քու երեսդ 11փութով փնտռելու, ու քեզ գտայ։
16Մահիճս ծածկոցներով 12զարդարած եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։
17Անկողինս զմուռսով, Հալուէով ու կինամոնով ցօղած եմ։
18Եկո՛ւր տարփանքով յագենանք մինչեւ առտու, Եւ տռփանքով հրճուինք.
19Արդարեւ ամուսինս տունը չէ, Ան հեռաւոր ճամբորդութեան գացած է.
20Դրամին քսակը իրեն հետ առած է, Ու լիալուսինի օրը տուն պիտի վերադառնայ»։
21Այսպէս՝ իր շատ խօսքերով զայն հակեցուց, Եւ իր շրթունքին շողոքորթութեամբ զայն խոտորեցուց։
22Ան ալ իսկոյն 13կնոջ հետեւեցաւ՝ Սպանդանոց գացող արջառի պէս. Պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս,
23Մինչեւ որ նետը անոր լեարդը խոցէ, Ինչպէս ճնճղուկ մը դէպի վարմը կը շտապէ, Չգիտնալով թէ ան իր անձին կորուստին համար դրուած է։
24Ուրեմն հիմա, որդինե՛ր, մտի՛կ ըրէք ինծի, Ուշադի՛ր եղէք իմ բերանիս խօսքերուն։
25Քու սիրտդ թող չհակի դէպի անոր ճամբաները, Թող չմոլորի անոր շաւիղներուն մէջ.
26Որովհետեւ ան շատերը վիրաւորեց ու տապալեց, Եւ անոր մեռցուցած բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։
27Անոր տունը 14դժոխքին ճամբան է, Որ մահուան 15շտեմարանները կ’իջնէ։