Proverbs 8
Psalm « Proverbs 7 ‹ Proverbs 8 › Proverbs 9 » Ecclesiastes
ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՎԵՍՏ
1Ահա՛ իմաստութիւնը կը գոչէ, Ու հանճարը իր ձայնը լսել կու տայ։
2Ան բարձունքներու գագաթը՝ ճամբային քով, Եւ 1քառուղիները կը կայնի.
3Ան դռներուն քով՝ քաղաքին 2մուտքը կը կենայ, Ու դռներուն մուտքը ցնծութեամբ կը գոչէ.
4«Ո՛վ մարդիկ, ձե՛զ կը կանչեմ, Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։
5Ո՛վ միամիտներ, խորագիտութի՛ւն սորվեցէք. Ո՛վ անմիտներ, խելացի՛ սիրտ ունեցէք։
6Լսեցէ՛ք, որովհետեւ 3արժէքաւոր բաներու մասին պիտի խօսիմ, Ու շրթունքս պիտի բանամ ուղղամտութեան մասին խօսելու համար։
7Արդարեւ իմ քիմքս ճշմարտութիւնը պիտի 4հռչակէ, Որովհետեւ շրթունքս ամբարշտութենէ կը գարշի։
8Բերանիս բոլոր խօսքերը արդարութեան համեմատ են, Եւ անոնց մէջ խոտոր ու ծուռ բան չկայ։
9Բոլորն ալ 5յստակ են հասկցողին համար, Եւ ուղիղ՝ գիտութիւն գտնողներուն։
10Իմ խրա՛տս ընդունեցէք, եւ ո՛չ թէ արծաթը. Գիտութի՛ւնը սիրեցէ՛ք՝ քան ընտիր ոսկին.
11Որովհետեւ իմաստութիւնը մարգարիտներէն 6նպաստաւոր է, Եւ բոլոր բաղձալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ»։
12Ես՝ իմաստութիւնը, խորագիտութեան հետ կը բնակիմ, Եւ մտախոհութեան գիտութիւնը կը յայտնաբերեմ։
13Տէրոջ վախը՝ չարութիւնը ատելն է. Ես կ’ատեմ ամբարտաւանութիւնը, խրոխտութիւնը, չար 7ընթացքը, Նաեւ նենգաւոր բերանը։
14Ի՛մս են խորհուրդն ու խոհականութիւնը. Ե՛ս եմ խելքը, իմս է զօրութիւնը։
15Ինձմո՛վ թագաւորները կը թագաւորեն, Եւ իշխանապետները արդար 8որոշումներ կու տան՝՝։
16Ինձմո՛վ կ’իշխեն իշխանաւորները, Ազնուականներն ու երկրի բոլոր դատաւորները։
17Ես կը սիրեմ զիս սիրողները. Զիս 9փութով փնտռողները զիս կը գտնեն։
18Ի՛մ քովս են հարստութիւնն ու փառքը, Երկարատեւ փարթամութիւնն ու արդարութիւնը։
19Իմ պտուղս ընտիր ոսկիէն լաւորակ է, նոյնիսկ զուտ ոսկիէն, Եւ իմ բերքս՝ ընտիր արծաթէն։
20Ես արդարութեան ուղիին մէջ կը քալեմ, Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ,
21Որպէսզի զիս սիրողներուն ստացուածք ժառանգել տամ, Եւ անոնց շտեմարանները լեցնեմ։
22Տէրը զիս 10ստացեր էր իր ճամբային սկիզբը, Իր վաղեմի գործերէն առաջ.
23Ես 11հաստատուեցայ յաւիտենականութենէն ի վեր. Սկիզբէն, երկիրը ըլլալէն առաջ։
24Ես ծնած էի՝ անդունդները չեղած, 12Խորունկ ջուրերուն աղբիւրները չեղած։
25Ես ծնած էի՝ լեռներուն 13ամրանալէն առաջ, Բլուրներէն առաջ.
26Երբ տակաւին երկիրն ու դաշտերը չէր 14ստեղծեր, Ո՛չ ալ երկրագունդին հողերուն 15տարրերը։
27Ես հոն էի՝ երբ կը 16հաստատէր երկինքը Եւ կամար կը ձգէր անդունդին մակերեսին վրայ,
28Երբ վերը կը 17խտացնէր նօսր ամպերը, Ու կը զօրացնէր անդունդներուն 18աղբիւրները.
29Երբ ծովուն կը դնէր իր կանոնը՝ Որպէսզի ջուրերը իր 19հրամանը չանտեսեն, Ու երկրի հիմերը կը դնէր։
30Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի. Ամէն օր անոր հաճոյքն էի, Եւ միշտ անոր առջեւ կը զբօսնէի։
31Ես կը զբօսնէի անոր 20երկրագունդին վրայ, Եւ իմ հաճոյքս մարդոց որդիներուն հետ էր։
32Ուստի հիմա, որդինե՛ր, ինծի՛ մտիկ ըրէք, Որովհետեւ իմ ճամբաներս պահողները երանելի կ’ըլլան։
33Խրա՛տը մտիկ ըրէք եւ իմաստո՛ւն եղէք, Ու զայն մի՛ մերժէք։
34Երանելի է այն մարդը՝ որ ինծի մտիկ կ’ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով հսկելով Եւ իմ դրանդիներս պահպանելով։
35Արդարեւ զիս գտնողը կեանք կը գտնէ Ու Տէրոջ բարեհաճութիւնը կը ստանայ,
36Իսկ ինծի դէմ մեղանչողը իր անձին կը 21վնասէ. Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։