Proverbs 9
Psalm « Proverbs 8 ‹ Proverbs 9 › Proverbs 10 » Ecclesiastes
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԹԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
1Իմաստութիւնը իր տունը կառուցանեց Ու եօթը սիւները 1կանգնեցուց.
2Իր անասունները մորթեց, գինին 2խառնեց, Նաեւ սեղանը պատրաստեց.
3Ան իր սպասուհիները ղրկեց, Եւ քաղաքին բարձր վայրերուն վրայ կը գոչէ..
4«Ո՛վ որ միամիտ է՝ թող հոս 3գայ», Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ.
5«Եկէ՛ք, կերէ՛ք իմ հացէս, Եւ խմեցէ՛ք խառնած գինիէս։
6Լքեցէ՛ք միամտութիւնը՝ որպէսզի ապրիք, Ու քալեցէ՛ք խելացութեան ճամբային մէջ»։
7Ծաղրողը խրատողը իրեն անարգանք կը վաստկի, Եւ ամբարիշտը կշտամբողը՝ իրեն արատ։
8Ծաղրողը մի՛ կշտամբեր, որ քեզ չատէ. Իմաստո՛ւնը կշտամբէ, ու քեզ պիտի սիրէ։
9Իմաստունի՛ն խրատ տուր, եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ. Արդարի՛ն սորվեցուր, ու իր հմտութիւնը պիտի աւելցնէ։
10Տէրոջ վախը իմաստութեան սկիզբն է, Եւ 4Ամենասուրբին ճանաչումը՝՝ խելացութիւն է.
11Որովհետեւ ինձմո՛վ քու օրերդ պիտի շատնան, Ու կեանքիդ տարիները աւելնան։
12Եթէ իմաստուն ես՝ քեզի՛ համար իմաստուն ես, Իսկ եթէ ծաղրող ես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։
13Անմտութիւնը 5աղմկարար կին մըն է. Ան միամիտ է, ու ոչինչ գիտէ։
14Քաղաքին բարձր վայրերը, Իր տան դուռը կը նստի՝ 6աթոռի վրայ,
15Որպէսզի կանչէ ճամբայէն անցնող Եւ իրենց ուղին շիտակ գացողները.
16«Ո՛վ որ միամիտ է՝ թող հոս գայ», Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ.
17«Գողցուած ջուրերը 7անոյշ են, Եւ ծածկաբար կերուած հացը ախորժելի է»։
18Բայց 8ան չի գիտեր թէ ուրուականները հո՛ն են, Եւ թէ անոր հրաւիրեալները 9դժոխքին խորերն են։