Proverbs 10
Psalm « Proverbs 9 ‹ Proverbs 10 › Proverbs 11 » Ecclesiastes
Սողոմոնի առակները։
1Իմաստուն որդին իր հայրը կ’ուրախացնէ, Իսկ անմիտ որդին իր մօր տրտմութիւնն է։
2Ամբարշտութեան գանձերը օգուտ չեն ունենար, Բայց արդարութիւնը մահէն կ’ազատէ։
3Տէրը արդարին անձը անօթի չի թողուր, Բայց ամբարիշտներուն եղեռնագործութիւնը կը 1խափանէ։
4Թոյլ ձեռքով աշխատողը թշուառ կ’ըլլայ, Իսկ ժիր մարդոց ձեռքը կը հարստացնէ։
5Ան որ ամառը կը հաւաքէ՝ ուշիմ որդի է. Հունձքի ատեն խորունկ քնացողը ամչցնող որդի է։
6Արդարին գլուխին վրայ օրհնութիւններ կան, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը 2գոցէ։
7Արդարներուն յիշատակը օրհնութիւն կ’ըլլայ, Իսկ ամբարիշտներուն անունը կը փտի։
8Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանները կ’ընդունի, Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը տապալի։
9Պարկեշտութեամբ ընթացողը ապահովութեամբ կը քալէ, Իսկ իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։
10Աչքով նշան ընողը ցաւ կը պատճառէ, Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը տապալի։
11Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։
12Ատելութիւնը բանավէճ կը գրգռէ, Բայց սէրը բոլոր յանցանքները կը ծածկէ։
13Խելացիին շրթունքին վրայ իմաստութիւն կը գտնուի, Բայց պակասամիտին կռնակին համար գաւազան պէտք է։
14Իմաստունները գիտութիւն 3կ’ամբարեն, Իսկ յիմարին բերանը կործանումի մօտ է։
15Հարուստին ստացուածքը իր ամուր բերդաքաղաքն է, Բայց չքաւորներուն թշուառութիւնը իրենց կործանումն է։
16Արդարին գործը կեանքի համար է, Իսկ ամբարիշտին 4եկամուտը՝ մեղքի համար։
17Խրատը պահողը կեանքի ուղիին մէջ է, Բայց ազդարարութիւնը լքողը կը մոլորի։
18Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունք ունի, Ու չարախօսութիւն 5տարածողը անմիտ է։
19Խօսքերու շատութեան մէջ յանցանք չի պակսիր, Բայց իր շրթունքը զսպողը ուշիմ է։
20Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է. Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ 6արժէք ունի՝՝։
21Արդարին շրթունքը շատերը կը սնուցանէ, Իսկ յիմարները 7խելքի պակասութենէ կը մեռնին։
22Տէրոջ օրհնութիւնն է որ կը հարստացնէ, Եւ անոր հետ 8ցաւ չի խառներ՝՝։
23Չարիք գործելը անմիտին կատակն է, Բայց իմաստութիւնը հանճարեղ մարդուն կը պատկանի։
24Ամբարիշտ մարդուն երկիւղ տուող բանը իր վրայ կը հասնի, Իսկ արդարներուն փափաքը կը 9կիրարկուի։
25Ինչպէս փոթորիկը կ’անցնի, ամբարիշտն ալ կը չքանայ, Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի։
26Ինչպէս քացախը ակռաներուն է, եւ ծուխը՝ աչքերուն, Ծոյլն ալ այդպէս է զինք ղրկողներուն։
27Տէրոջ վախը օրեր կ’աւելցնէ, Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։
28Արդարներուն ակնկալութիւնը ուրախութիւն է, Իսկ ամբարիշտներուն յոյսը պիտի կորսուի։
29Տէրոջ ճամբան 10զօրութիւն է պարկեշտին համար, Բայց կործանում՝ անօրէնութիւն գործողներուն։
30Արդարը երբեք պիտի չսասանի, Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։
31Արդարին բերանը իմաստութիւն կ’արտաբերէ, Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։
32Արդարին շրթունքը գիտէ ինչ որ հաճելի է, Իսկ ամբարիշտներուն բերանը նենգութիւն կ’արտայայտէ։