Proverbs 11
Psalm « Proverbs 10 ‹ Proverbs 11 › Proverbs 12 » Ecclesiastes
1
Խարդախուած կշիռքը Տէրոջ առջեւ գարշելի է, Իսկ լիակատար կշռաքարը անոր հաճելի է։
2Երբ հպարտութիւնը գայ՝ անարգանքն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
3Ուղիղներուն պարկեշտութիւնը զիրենք պիտի առաջնորդէ, Իսկ անհաւատարիմներուն չարանենգութիւնը զանոնք կը բնաջնջէ։
4Ցասումի օրը փարթամութիւնը օգուտ մը չ’ունենար, Բայց արդարութիւնը մահէն կ’ազատէ։
5Պարկեշտներուն արդարութիւնը իրենց ճամբան կը շտկէ, Բայց ամբարիշտը իր ամբարշտութեամբ կ’իյնայ։
6Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Իսկ անհաւատարիմները իրենց եղեռնագործութեան մէջ կը բռնուին։
7Երբ ամբարիշտ մարդը մեռնի, անոր յոյսը կը կորսուի, Նաեւ անօրէններուն ակնկալութիւնը կը կորսուի։
8Արդարը տագնապէ կ’ազատի, Եւ իր տեղը ամբարիշտը կ’երթայ։
9Կեղծաւորը բերանով իր ընկերը կը տապալէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։
10Արդարներուն յաջողութեամբ քաղաքը կը հրճուի, Ու երբ ամբարիշտները կորսուին՝ ցնծութեան ձայն կը լսուի։
11Ուղիղներուն օրհնութեամբ քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերանով կը 1կործանի։
12Պակասամիտ եղողը իր ընկերը կ’արհամարհէ, Բայց հանճարեղ մարդը կը լռէ։
13Բանսարկութեան գացողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Իսկ հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։
14Առանց առաջնորդութեան՝ ժողովուրդը կ’իյնայ, Բայց բազմաթիւ խորհրդականներով փրկութիւն կ’ըլլայ։
15Օտարին երաշխաւոր եղողը 2մեծ ձախորդութեան՝՝ կը հանդիպի, Իսկ 3գրաւական տալը՝՝ ատողը ապահով է։
16Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ, Ու 4զօրաւոր մարդիկ հարստութիւն կը ստանան։
17Կարեկից մարդը իր անձին բարիք կ’ընէ, Բայց անգութը իր մարմինը կը դժբախտացնէ։
18Ամբարիշտը 5սնոտի գործ կը կատարէ, Բայց արդարութիւն սերմանողը ճշմարիտ 6վարձատրութիւն կ’ունենայ։
19Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետամուտ եղողը իր մահուան կ’երթայ։
20Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջ առջեւ գարշելի են, Բայց իրենց ճամբային մէջ պարկեշտ եղողները անոր հաճելի են։
21Չարերը թէեւ 7ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն զարմը պիտի ազատի։
22Գեղեցիկ կինը՝ որ դատողութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։
23Արդարներուն փափաքը միայն բարութիւն է, Իսկ ամբարիշտներուն յոյսը ցասում պիտի ըլլայ։
24Մարդ կայ՝ որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ, Ու մարդ կայ՝ որ չափազանց կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։
258Բարերար անձը պիտի պարարտանայ, Եւ ոռոգողը՝ ի՛նք ալ պիտի ոռոգուի։
269Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը 10պահողը, Բայց զայն ծախողին գլուխին վրայ օրհնութիւն կ’ըլլայ։
27Ո՛վ որ 11փութով բարիք կը փնտռէ՝ բարեհաճութիւն կը 12ստանայ, Բայց ո՛վ որ չարիք կը փնտռէ, ան իր վրայ պիտի հասնի։
28Իր հարստութեան վստահողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները ոստի պէս պիտի ծաղկին։
29Իր տունը դժբախտացնողը հով պիտի ժառանգէ, Ու յիմարը ստրուկ պիտի ըլլայ իմաստուն սիրտ ունեցողին։
30Արդարին պտուղը կեանքի ծառ է Եւ 13հոգիներ վաստկողը՝՝ իմաստուն է։
31Ահա՛ արդարը երկրի վրայ կը հատուցանուի. Ո՜րքան աւելի՝ ամբարիշտն ու մեղաւորը։