Loading...

Proverbs 12

Psalm  «  Proverbs 11  ‹  Proverbs 12  ›  Proverbs 13  »  Ecclesiastes


1

Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Իսկ ազդարարութիւն ատողը անխելք է։

2

Բարի մարդը Տէրոջ բարեհաճութիւնը կը ստանայ, Բայց Աստուած 1նենգամիտ մարդը պիտի դատապարտէ։

3

Մարդ ամբարշտութեամբ չի հաստատուիր, Բայց արդարներուն արմատը չ’երերար։

4

Առաքինի կինը իր ամուսինին պսակն է, Բայց զայն ամչցնողը փտութեան պէս է՝ անոր ոսկորներուն մէջ։

5

Արդարներուն մտածումները իրաւունքին համեմատ են, Իսկ ամբարիշտներուն առաջադրանքները խաբէութիւն են։

6

Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են, Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։

7

Ամբարիշտները տապալելով կը չքանան, Իսկ արդարներուն տունը կանգուն կը մնայ։

8

Մարդը իր ուշիմութեան համեմատ կը գովուի, Բայց վատասերած սիրտ ունեցողը կ’արհամարհուի։

9

Ծառայ ունեցող աննշան մարդը աւելի լաւ է, Քան ինքզինք պատուող բայց հացի կարօտ եղողը։

10

Արդարը իր անասուններուն կեանքին 2հոգ կը տանի՝՝, Բայց ամբարիշտներուն ընդերքը անգութ է։

11

Իր հողը մշակողը հացով կը կշտանայ. Բայց 3սնոտի բաներու հետամուտ եղողը՝՝ պակասամիտ է։

12

Ամբարիշտը չարերուն 4աւարին կը ցանկայ, Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կու տայ։

13

Չարը իր շրթունքին յանցանքով որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը տագնապէն դուրս կ’ելլէ։

14

Իր բերանին պտուղէն՝ մարդ բարիքներով պիտի կշտանայ, Եւ մարդուն 5գործերուն վարձատրութիւնը իրեն պիտի հատուցանուի։

15

Յիմարին ճամբան իր աչքերուն ուղիղ է, Իսկ իմաստունը խրատը մտիկ կ’ընէ։

16

Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր գրգռութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խորագէտ է։

17

6Ճշմարտութիւն արտաբերողը 7իրաւունքը կը հռչակէ, Իսկ 8սուտ վկան՝ խաբէութիւն։

18

Մարդիկ կան, որոնք անխոհեմ խօսքերով սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն դարման է։

19

Ճշմարտախօս շրթունքը յաւերժ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն միայն վայրկեան մը կը տեւէ։

20

Չարութիւն մտածողին սիրտին մէջ խաբէութիւն կ’ըլլայ, Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ տուողները ուրախութիւն կ’ունենան։

21

Արդարին ո՛չ մէկ անօրէնութեան պատիժ կը հասնի, Իսկ ամբարիշտները ձախորդութիւններով կը լեցուին։

22

Ստախօս շրթունքը Տէրոջ գարշելի է, Բայց հաւատարմութեամբ վարուողները անոր հաճելի են։

23

Խորագէտ մարդը իր գիտութիւնը կը ծածկէ, Իսկ անմիտներուն սիրտը իր յիմարութիւնը կը յայտարարէ։

24

Ժիր մարդոց ձեռքը կը կառավարէ, Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։

25

Մարդուն սիրտին մէջ եղող մտահոգութիւնը զինք կ’ընկճէ, Բայց 9նպաստաւոր խօսքը զինք կ’ուրախացնէ։

26

Արդարը 10իր ընկերին կը ցուցնէ ուղիղ ճամբան՝՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։

27

Ծոյլը իր որսացածը չի խորովեր, Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը թանկարժէք է։

28

Արդարութեան ուղիին մէջ կեանք կայ, 11Եւ անոր քայլերու ճամբային մէջ մահ չկայ՝՝։



1 Եբր.՝ նենգ մտադրութեամբ
2 Եբր.՝ կարիքները գիտէ
3 Կամ՝ դատարկապորտ մարդոց հետեւողը
4 Եբր.՝ ցանցին
5 Եբր.՝ ձեռքերուն
6 Եբր.՝ Հաւատարմութիւն
7 Կամ՝ արդարութիւնը
8 Կամ՝ կեղծ
9 Եբր.՝ լաւ
10 Կամ՝ իր ընկերէն գերազանց է
11 Եբր.՝ Բայց շատերուն քալած ճամբան մահուան կը տանի