Loading...

Proverbs 13

Psalm  «  Proverbs 12  ‹  Proverbs 13  ›  Proverbs 14  »  Ecclesiastes


1

Իմաստուն որդին իր հօր խրատը մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը սաստը մտիկ չ’ըներ։

2

Իր բերանին պտուղէն մարդը բարիք կ’ուտէ, Իսկ անհաւատարիմներուն անձը՝ բռնութիւն։

3

Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքը լայն բացողը պիտի 1կորսուի։

4

Ծոյլին անձը կը փափաքի՝ բայց ոչինչ ունի, Իսկ ժիր մարդոց անձը կը պարարտանայ։

5

Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը 2ատելի կ’ըլլայ ու կը շիկնի։

6

Արդարութիւնը կը պաշտպանէ 3պարկեշտութեամբ ընթացողը՝՝, Բայց ամբարշտութիւնը կը տապալէ մեղաւորը։

7

Մարդ կայ՝ որ ինքզինք հարուստ կը ցուցնէ, բայց բան մը չունի, Մարդ ալ կայ՝ որ ինքզինք թշուառ կը ցուցնէ, բայց շատ ստացուածք ունի։

8

Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է, Բայց թշուառը սաստ չի լսեր։

9

Արդարներուն լոյսը կ’ուրախացնէ, Իսկ ամբարիշտներուն ճրագը պիտի շիջանի։

10

4Հպարտութենէն միայն բանակռիւ կը ծագի՝՝, Բայց իմաստութիւնը 5խրատը մտիկ ընողներուն՝՝ քով է։

11

6Անիրաւութեամբ դիզուած ստացուածքը պիտի պակսի, Բայց իր 7աշխատութեամբ դիզողը՝՝ պիտի շատցնէ։

12

Ուշացած ակնկալութիւնը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։

13

Խօսքը արհամարհողը պիտի բնաջնջուի, Բայց պատուիրանէն վախցողը պիտի 8վարձատրուի։

14

Իմաստունին 9ուսուցումը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն զերծ պահելու համար։

15

Բարի ուշիմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անհաւատարիմներուն ճամբան 10տաժանելի է։

16

Ամէն խորագէտ իմաստութեամբ կը վարուի, Բայց անմիտը իր յիմարութիւնը կը 11ցուցադրէ։

17

Ամբարիշտ պատգամաւորը չարիքի մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը դարման է։

18

Խրատը մերժողը թշուառութիւն եւ անարգանք կը կրէ, Բայց ազդարարութեան ուշադիր եղողը կը պատուուի։

19

Փափաքին 12իրագործուիլը անձին քաղցր է, Բայց չարութենէն հեռանալը անմիտներուն գարշելի է։

20

Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, Իսկ անմիտներուն բարեկամացողը 13չարիքի կը հանդիպի՝՝։

21

Ձախորդութիւնը մեղաւորները կը հետապնդէ, Բայց բարիքը արդարներուն կը հատուցանուի։

22

Բարի մարդը իր 14թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Իսկ մեղաւորին գոյքերը արդարին համար 15կ’ամբարուին։

23

Թշուառներուն մշակած հողին մէջ շատ պարէն կայ, Բայց մարդ կայ՝ որ իրաւունքի չգոյութենէն կը կորսուի։

24

Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց զայն սիրողը 16փութով կը խրատէ։

25

Արդարը կ’ուտէ մինչեւ որ իր անձը կշտանայ, Բայց ամբարիշտներուն փորը կարօտութեան մէջ պիտի ըլլայ։



1 Եբր.՝ կործանի
2 Եբր.՝ գարշահոտ
3 Եբր.՝ իր ճամբային մէջ պարկեշտ եղողը
4 Եբր.՝ Հպարտութիւնը միայն բանակռիւ կու տայ
5 Եբր.՝ խրատուողներուն
6 Եբր.՝ Ունայնութենէն
7 Եբր.՝ ձեռքով ժողվողը
8 Եբր.՝ հատուցանուի
9 Եբր.՝ օրէնքը
10 Եբր.՝ տոկուն
11 Եբր.՝ տարածէ
12 Եբր.՝ ըլլալը
13 Կամ՝ գէշ կ’ըլլայ
14 Եբր.՝ որդիներուն որդիներուն
15 Եբր.՝ կը պահուին
16 Եբր.՝ արշալոյսին