Proverbs 14
Psalm « Proverbs 13 ‹ Proverbs 14 › Proverbs 15 » Ecclesiastes
1
Իմաստուն կինը իր տունը կը կառուցանէ, Իսկ յիմարը զայն իր ձեռքերով կը փլցնէ։
2Իր ուղղամտութեան մէջ ընթացողը Տէրոջմէն կը վախնայ, Բայց իր ճամբաներուն մէջ խարդախը զայն կ’արհամարհէ։
3Յիմարին բերանը յոխորտանքի շառաւիղ կայ, Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն։
4Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ. Իսկ բերքին առատութիւնը եզին ոյժով կ’ըլլայ։
5Հաւատարիմ վկան չի ստեր, Բայց 1սուտ վկան սուտեր կ’արտաբերէ բերանէն։
6Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու 2չի գտներ՝՝, Իսկ խելացիներուն համար գիտութիւնը դիւրին է։
7Հեռացի՛ր անմիտ մարդէն, Երբ գիտնաս թէ իմաստուն շրթունք չունի։
8Խորագէտ մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է. Բայց անմիտներուն յիմարութիւնը խաբէութիւն է։
9Յիմարները յանցանքը կը ծաղրեն, Իսկ ուղիղներուն մէջ բարեհաճութիւն կայ։
10Մարդուն սիրտը իր անձին դառնութիւնը կը ճանչնայ, Եւ 3ուրիշը անոր ուրախութեան չի 4մասնակցիր։
11Ամբարիշտներուն տունը պիտի քանդուի, Իսկ ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։
12Ճամբայ կայ՝ որ մարդուն 5ուղիղ կը թուի՝՝, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
13Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուն սիրտը կը կոտտայ, Եւ ուրախութեան վերջաւորութիւնը տրտմութիւն է։
146Ապականած սիրտը իր ճամբաներու պտուղէն պիտի կշտանայ, Իսկ բարի մարդը՝ 7իր մէջ եղածէն՝՝։
15Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, Բայց խորագէտը իր 8քայլերուն ուշադրութիւն կը դարձնէ՝՝։
16Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը հեռանայ, Իսկ անմիտը 9կը սրդողի՝՝ եւ ինքնավստահ կ’ըլլայ։
17Շուտ բարկացողը յիմարութեամբ կը վարուի, Ու 10նենգամիտ մարդը ատելի է։
18Միամիտները յիմարութիւն կը ժառանգեն, Իսկ խորագէտները գիտութեամբ կը 11պսակուին։
19Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրան քով։
20Թշուառը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, Բայց հարուստին 12բարեկամները շատ են։
21Իր ընկերը արհամարհողը կը մեղանչէ, Իսկ դժբախտին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։
22Ահա՛ չարիք նիւթողները կը մոլորին, Բայց բարիք դարբնողները կարեկցութիւն ու ճշմարտութիւն 13կը գտնեն՝՝։
23Ամէն տքնութեան մէջ օգուտ մը կայ, Բայց 14դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կ’առաջնորդէ։
24Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է, Իսկ անմիտներուն 15գոռոզութիւնը յիմարութիւն է։
25Հաւատարիմ վկան անձեր կ’ազատէ, Բայց խաբեբան սուտեր կ’արտաբերէ։
26Տէրոջ վախին մէջ ամուր ապահովութիւն կայ, Եւ անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։
27Տէրոջ վախը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն զերծ պահելու համար։
28Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին վայելչութիւնն է, Բայց բնակչութեան նուազութիւնը իշխանապետին կործանումն է։
29Համբերատար մարդը շատ հանճարեղ է, Իսկ զայրացող հոգի ունեցողը իր յիմարութիւնը կը 16ցուցադրէ։
30Առողջ սիրտը մարմինին կեանք է, Բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է։
31Չքաւորը հարստահարողը անոր Արարիչը կը նախատէ, Բայց աղքատին ողորմողը 17զայն կը պատուէ։
32Ամբարիշտը իր չարութեան համար կը 18տապալի, Բայց արդարը իր մահուան ատենն ալ ապաւէն կ’ունենայ։
33Խելացի մարդուն սիրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի, Իսկ անմիտներուն մէջ եղածը կը գիտցուի՞։
34Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, Բայց մեղքը բնակչութեան անպատուութիւնն է։
35Թագաւորը ուշիմ ծառային կը հաճի, Բայց ամչցնող ծառային դէմ ցասում ունի։