Loading...

Proverbs 15

Psalm  «  Proverbs 14  ‹  Proverbs 15  ›  Proverbs 16  »  Ecclesiastes


1

Մեղմ պատասխանը ցասումը կը կասեցնէ, Իսկ խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։

2

Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը 1հաճելի կը դարձնէ՝՝, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութիւն կ’արտաբերէ։

3

Տէրոջ աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։

4

2Խաղաղասէր լեզուն կեանքի ծառ է, Իսկ չարանենգ լեզուն հոգին կը բեկանէ։

5

Յիմարը իր հօր խրատը կ’անարգէ, Բայց ազդարարութեան ուշադիր եղողը խորագէտ կ’ըլլայ։

6

Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Իսկ ամբարիշտին բերքերուն մէջ՝ դժբախտութիւն։

7

Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը սփռեն, Բայց անմիտներուն սիրտը 3այդպէս չէ։

8

Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջ առջեւ գարշելի է, Իսկ ուղիղներուն աղօթքը անոր հաճելի է։

9

Տէրը ամբարիշտին ճամբայէն կը գարշի, Բայց արդարութեան հետամուտ եղողը կը սիրէ։

10

Շիտակ ուղին լքողին 4խիստ պատիժ կը սպասէ՝՝ Եւ ազդարարութիւնը ատողը պիտի մեռնի։

11

5Դժոխքն ու 6վիհը Տէրոջ առջեւն են. Ո՜րչափ աւելի՝ մարդոց որդիներուն սիրտերը։

12

Ծաղրողը զինք կշտամբողը չի սիրեր. Իմաստուններուն քով չ’երթար։

13

Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սիրտին ցաւէն հոգին 7կ’ընկճուի։

14

Խելացիին սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։

15

Դժբախտին բոլոր օրերը վատ են, Բայց զուարթ սիրտը մշտատեւ խնճոյքի մէջ է։

16

Աւելի լաւ է քիչ բանը՝ Տէրոջ վախով, Քան մեծ գանձը՝ խռովութեամբ։

17

Աւելի լաւ է բանջարեղէնի կերակուրը՝ հո՛ն ուր սէր կայ, Քան գիրցուած եզը՝ հո՛ն ուր ատելութիւն կայ։

18

Ցասկոտ մարդը բանավէճ կը հրահրէ, Բայց համբերատարը կռիւը կը դադրեցնէ։

19

Ծոյլին ճամբան փուշէ շրջափակի պէս է, Իսկ ուղիղներուն 8ճամբան հարթ է։

20

Իմաստուն որդին իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’արհամարհէ։

21

Պակասամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը ուրախութիւն է, Իսկ հանճարեղ մարդը ուղղամտութեամբ կ’ընթանայ։

22

Առանց խորհրդաժողովի՝ ծրագիրները կը ձախողին, Բայց բազմաթիւ խորհրդականներով կը յաջողին։

23

Մարդ իր բերանին պատասխանով կ’ուրախանայ, Եւ յարմար ատենին ըսուած խօսքը որչա՜փ 9գեղեցիկ է։

24

Կեանքի ուղին ուշիմ մարդը դէպի վեր կը տանի, Որպէսզի ներքեւի դժոխքէն հեռանայ։

25

Տէրը ամբարտաւաններուն տունը կը 10քանդէ, Բայց այրիին սահմանաքարը կը հաստատէ։

26

Չար մարդուն մտածումները Տէրոջ առջեւ գարշելի են, Իսկ 11պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։

27

Ագահութեամբ վաստկողը իր տունը կը դժբախտացնէ, Բայց 12կաշառքներ ատողը պիտի ապրի։

28

Արդարին սիրտը կը 13մտածէ՝ պատասխանելու համար Իսկ ամբարիշտներուն բերանը չարիք կ’արտաբերէ։

29

Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։

30

Աչքերուն 14լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ. Բարի լուրը ոսկորները կը պարարտացնէ։

31

Կեանքի ազդարարութիւնը լսող ականջը՝ Իմաստուններուն մէջ պիտի 15բնակի։

32

Խրատ մերժողը իր անձը կ’անարգէ, Իսկ ազդարարութիւնը մտիկ ընողը խելք կը ստանայ։

33

Տէրոջ վախը իմաստութեան կրթութիւնն է, Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։



1 Եբր.՝ լաւ կ’ընէ
2 Եբր.՝ Բուժող
3 Կամ՝ հաստատ
4 Կամ՝ խրատը գէշ կը թուի
5 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանն
6 Եբր.՝ ապադոնը, այսինքն՝ կորուստը
7 Եբր.՝ կը զարնուի
8 Եբր.՝ ուղին
9 Եբր.՝ լաւ
10 Եբր.՝ խլէ
11 Եբր.՝ մաքուրներուն
12 Եբր.՝ պարգեւներ
13 Եբր.՝ խորհրդածէ
14 Եբր.՝ լուսաւորութիւնը
15 Եբր.՝ գիշերէ