Loading...

Proverbs 16

Psalm  «  Proverbs 15  ‹  Proverbs 16  ›  Proverbs 17  »  Ecclesiastes


1

Սիրտին 1ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, Իսկ լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։

2

Մարդուն բոլոր ճամբաները 2իրեն ամբիծ կ’երեւնան՝՝, Բայց Տէ՛րը կը կշռէ հոգիները։

3

Տէրո՛ջ 3յանձնէ քու գործերդ, Ու մտածումներդ պիտի հաստատուին։

4

Տէրը ամէն ինչ 4նպատակի մը՝՝ համար ըրաւ, Նոյնիսկ ամբարիշտը՝ ձախորդ օրուան համար։

5

Բոլոր խրոխտ սիրտ ունեցողները Տէրոջ առջեւ գարշելի է. Թէեւ 5ձեռք ձեռքի տալով միաբանին,՝՝ անպատիժ պիտի չըլլան։

6

Կարեկցութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի, Ու Տէրոջ վախով մարդ չարութենէն կը հեռանայ։

7

Երբ Տէրը մարդու մը ճամբաներուն հաւանի, Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։

8

Աւելի լաւ է քիչ բան՝ արդարութեամբ, Քան մեծ 6եկամուտներ՝ 7անիրաւութեամբ։

9

Մարդուն սիրտը կը 8ծրագրէ իր ճամբան, Բայց Տէ՛րը կը հաստատէ անոր քայլերը։

10

Թագաւորին շրթունքին վրայ աստուածային 9պատգամ՝՝ կայ, Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ 10չի սխալիր՝՝։

11

Ճիշդ նժարն ու կշիռքը Տէրոջն են. Տոպրակին մէջի բոլոր կշռաքարերը անոր գործն են։

12

Ամբարշտութիւնը թագաւորներուն գարշելի է, Որովհետեւ գահը արդարութեամբ կը հաստատուի։

13

Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են. Անոնք ուղիղ խօսողը կը սիրեն։

14

Թագաւորին ցասումը մահուան պատգամաւորներու պէս է. Բայց իմաստուն մարդը զայն կը խաղաղեցնէ։

15

Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է, Եւ անոր բարեհաճութիւնը վերջին անձրեւի թանձր ամպին պէս է։

16

Իմաստութիւն ստանալը ընտիր ոսկիէն շա՛տ լաւ է, Ու խելացութիւն ստանալը արծաթէն աւելի ընտիր է։

17

Ուղիղներուն պողոտան չարութենէ հեռանալն է. Իր ճամբային ուշադիր եղողը իր անձը կը պահէ։

18

Փլուզումին առջեւէն ամբարտաւանութիւնը կ’երթայ, Եւ 11սայթաքումին առջեւէն՝ խրոխտութեան ոգին։

19

Աւելի լաւ է հեզերուն հետ հեզահոգի ըլլալ, Քան ամբարտաւաններուն հետ աւար բաժնել։

20

Գործի մէջ 12խելացութեամբ վարուողը՝՝ բարիք կը գտնէ, Ու Տէրոջ վստահողը երանելի է։

21

Իմաստուն սիրտ ունեցողը խելացի կը կոչուի, Եւ շրթունքին քաղցրութիւնը հմտութիւնը կ’աւելցնէ։

22

Ուշիմութիւնը կեանքի աղբիւր է 13զայն ունեցողին՝՝ համար, Բայց յիմարներուն խրատը յիմարութիւն է։

23

Իմաստունին սիրտը իր 14բերանին ուշիմութիւն կու տայ՝՝, Եւ իր շրթունքին հմտութիւնը կ’աւելցնէ։

24

Հաճելի խօսքերը 15մեղրի խորիսխին՝՝ պէս են, 16Հոգիին քաղցրութիւն են, ու ոսկորներուն՝ առողջութիւն։

25

Ճամբայ կայ՝ որ մարդուն 17ուղիղ կը թուի՝՝, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։

26

Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի, Քանի որ իր բերանը կը դրդէ զինք։

27

18Անօրէն մարդը չարիք կը նիւթէ, Եւ անոր շրթունքին վրայ կարծես խանձող կրակ կայ։

28

Նենգ մարդը բանավէճ կը ծագեցնէ, Ու քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։

29

Բռնաւոր մարդը իր ընկերը կը հրապուրէ, Եւ անոր 19գէշ ճամբայէ քալել կու տայ.

30

Աչքերը կը գոցէ՝ նենգութիւններ հնարելու համար, Եւ շրթունքը խածնելով չարիք մկը գործէ՝՝։

31

Ճերմակ մազերը պարծանքի պսակ են, Եթէ անոնք արդարութեան ճամբային մէջ գտնուին։

32

Համբերատար մարդը զօրաւոր մարդէն լաւ է, Ու իր հոգին կառավարողը՝ քաղաք գրաւողէն։

33

Վիճակը ծոցը կը ձգուի, Բայց ամէն որոշում Տէրոջմէն է։



1 Եբր.՝ պատրաստութիւնները
2 Եբր.՝ իր աչքերուն ամբիծ են
3 Եբր.՝ գլորէ
4 Եբր.՝ իրեն
5 Կամ՝ Ազգէ ազգ
6 Եբր.՝ բերքեր
7 Եբր.՝ առանց իրաւունքի
8 Կամ՝ հնարէ
9 Եբր.՝ դիւթութիւն
10 Եբր.՝ ուխտազանց չ’ըլլար
11 Եբր.՝ խոչընդոտին
12 Եբր.՝ ուշիմ եղողը
13 Եբր.՝ անոր տիրոջ
14 Եբր.՝ բերանը ուշիմ կ’ընէ
15 Եբր.՝ յորդող մեղրին
16 Եբր.՝ Անձին
17 Եբր.՝ երեսին ուղիղ է
18 Եբր.՝ Բելիարի
19 Եբր.՝ լաւ չեղող մ Եբր.՝ կ’աւարտէ