Loading...

Proverbs 17

Psalm  «  Proverbs 16  ‹  Proverbs 17  ›  Proverbs 18  »  Ecclesiastes


1

1Աւելի լաւ է չոր հացի պատառ մը՝ խաղաղութեամբ, Քան զոհերու միսերով լեցուն տուն մը՝ կռիւով։

2

Ուշիմ ծառան ամչցնող որդիին կը տիրէ, Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։

3

Արծաթին համար հալոց կայ, եւ ոսկիին համար՝ քուրայ. Բայց Տէ՛րն է սիրտերը քննողը։

4

Չարագործը անիրաւին շրթունքը մտիկ կ’ընէ, Եւ ստախօսը 2վնասակար լեզուին ուշադիր կ’ըլլայ։

5

Թշուառը ծաղրողը անոր Արարիչը կը նախատէ, Ու ձախորդութեան համար ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։

6

3Թոռները ծերերուն պսակն են, Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։

7

4Ընտիր 5խօսքը անզգամին չի վայլեր, Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։

8

6Պարգեւը՝ 7ընդունողին առջեւ՝՝ 8պատուական քարի պէս է, Ո՛ւր որ դառնայ՝ 9կը յաջողի՝՝։

9

Յանցանքը ծածկողը սէր կը փնտռէ, Բայց 10զայն պատմողը՝՝ մտերիմ բարեկամները կը զատէ։

10

Մէկ սաստ խելացի մարդուն աւելի 11կ’ազդէ, Քան հարիւր գաւազանի հարուած՝ անմիտին։

11

Չար մարդը միայն ըմբոստութիւն կը փնտռէ. Անոր անգութ պատգամաւոր մը պիտի ղրկուի։

12

Մարդ մը ձագերը յափշտակուած արջի մը թող հանդիպի, Քան թէ անմիտի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։

13

Ո՛վ որ բարիքի փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պիտի չհեռանայ։

14

Բանավէճին սկզբնաւորութիւնը 12ջրաթումբ բանալու՝՝ կը նմանի. Ուրեմն վէճը չբռնկած՝ 13հեռացի՛ր։

15

Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը դատապարտողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջ առջեւ գարշելի են։

16

Իմաստութիւնը ստանալու գինը ի՞նչ օգուտ ունի անմիտին ձեռքը, Քանի 14խելք չունի։

17

Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ, Ու եղբայրը տագնապի ատեն օգնելու համար ծնած է։

18

Պակասամիտ մարդը 15գրաւական կու տայ՝՝, Եւ իր ընկերին 16համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։

19

Բանակռիւ սիրողը յանցանքը կը սիրէ. Իր դուռը բարձրացնողը իր փլուզումը կը փնտռէ։

20

Ծուռ սիրտ ունեցողը բարիք չի գտներ, Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։

21

Անմիտը ծնանողը կը տրտմի, Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։

22

Ուրախ սիրտը դեղի պէս 17օգտակար է՝՝, Բայց 18ընկճուած հոգին 19անդամները կը չորցնէ։

23

Ամբարիշտը իր 20ծոցէն կաշառք կը հանէ՝՝, Որպէսզի դատաստանի ուղիները ծռէ։

24

Իմաստութիւնը խելացի մարդուն դիմացն է, Բայց անմիտին աչքերը երկրի ծայրերն են։

25

Անմիտ որդին իր հօր վիշտ կ’ըլլայ, Եւ զինք ծննդաբերողին՝ դառնութիւն։

26

Լաւ չէ արդարը պատժել, Ո՛չ ալ 21ազնուականները ծեծել՝ իրենց ուղղամտութեան համար՝՝։

27

Գիտունը իր խօսքերը կը չափաւորէ, Ու հանճարեղ մարդը պատուական հոգի ունի։

28

Նոյնիսկ յիմարը իմաստուն կը սեպուի՝ եթէ լուռ կենայ. Իր շրթունքը գոցողը խելացի է։



1 Եբր.՝ Զատուող
2 Եբր.՝ եղեռնագործ
3 Եբր.՝ Որդիներուն որդիները
4 Եբր.՝ Գերազանց
5 Եբր.՝ շրթունքը
6 Եբր.՝ Կաշառքը
7 Եբր.՝ անոր տիրոջ աչքերուն
8 Եբր.՝ շնորհալի
9 Կամ՝ ուշիմ կ’ըլլայ
10 Եբր.՝ լուր մը կրկնողը
11 Եբր.՝ կ’իջեցնէ
12 Եբր.՝ ջուրը արձակելու
13 Եբր.՝ ձգէ՛
14 Եբր.՝ սիրտ, այսինքն՝ փափաք
15 Եբր.՝ ափերը կը զարնէ
16 Եբր.՝ առջեւ
17 Եբր.՝ բարիք կ’ընէ
18 Եբր.՝ զարնուած
19 Կամ՝ ոսկորները
20 Եբր.՝ ուրիշին ծոցէն կաշառք կը ստանայ
21 Կամ՝ Ուղիղ չէ ազնուականները ծեծել