Proverbs 19
Psalm « Proverbs 18 ‹ Proverbs 19 › Proverbs 20 » Ecclesiastes
1
Աւելի լաւ է իր պարկեշտութեան մէջ ընթացող թշուառը, Քան ծուռ շրթունք ունեցող անմիտը։
2Նաեւ լաւ չէ անձի մը տգիտութիւնը, Ու ոտքերով փութացողը կը 1սահի։
3Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’եղծանէ, Եւ իր սիրտը Տէրոջ դէմ կը բարկանայ։
4Փարթամութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ, Իսկ չքաւորը իր բարեկամէն կը զատուի։
52Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ, Ու սուտեր արտաբերողը պիտի չազատի։
6Շատերը 3առատաձեռն մարդուն՝՝ 4շնորհքը կը խնդրեն՝՝, Եւ ամէն մարդ պարգեւ տուողին բարեկամ կ’ըլլայ։
7Թշուառին բոլոր եղբայրները զինք կ’ատեն. Ո՜րչափ աւելի անոր բարեկամները իրմէ կը հեռանան։ Զանոնք կը հետապնդէ իր խօսքերով, բայց անոնք չեն գտնուիր։
85Խելք ստացողը իր անձը կը սիրէ. 6Իմաստութիւնը պահողը բարիք պիտի գտնէ։
9Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ, Ու սուտեր արտաբերողը պիտի կորսուի։
10Անմիտին քնքշութիւն չի վայլեր. Ո՜րչափ աւելի ստրուկի մը՝ իշխանաւորներու վրայ տիրել։
11Մարդուն ուշիմութիւնը իր բարկութիւնը կը յետաձգէ, Եւ անոր պարծանքն է յանցանքը անտեսելը։
12Թագաւորին բարկութիւնը առիւծի կորիւնի 7մռնչիւնին պէս է, Իսկ անոր բարեհաճութիւնը՝ բոյսին վրայի ցօղին պէս։
13Անմիտ որդին իր հօր աղէտն է, Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթկթոցին պէս են։
14Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, Բայց ուշիմ կինը Տէրոջմէն է։
15Ծուլութիւնը թմբիրի մէջ կը ձգէ, Եւ թոյլ անձը պիտի անօթենայ։
16Պատուիրանը պահողը իր անձը կը պահէ, Իսկ իր ճամբաները արհամարհողը պիտի մեռնի։
17Չքաւորին ողորմողը՝ Տէրոջ փոխ կու տայ, Եւ ի՛նք անոր պիտի հատուցանէ։
18Խրատէ՛ որդիդ՝ քանի յոյս կայ, Եւ 8կամակից մի՛ ըլլար անոր մահուան՝՝։
19Սաստիկ ցասկոտ մարդը պատիժ կրելու է, Որովհետեւ եթէ զայն ազատես՝ վերսկսելու ես։
20Լսէ՛ խրատը եւ ընդունէ՛ կրթութիւնը, Որպէսզի յետագային իմաստուն ըլլաս։
21Մարդուն սիրտին մէջ շատ ծրագիրներ կան, Բայց Տէրոջ խորհուրդն է որ պիտի հաստատուուի։
229Մարդէն ակնկալուածը՝՝ իր կարեկցութիւնն է, Ու թշուառը ստախօսէն աւելի լաւ է։
23Տէրոջ վախը կեանքի կ’առաջնորդէ. Զայն ունեցողը կուշտ կը 10հանգչի, ու 11ձախորդութեան չի հանդիպիր՝՝։
24Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը 12խոթէ, Բայց զայն իր բերանն անգամ չի 13տանիր։
25Ծեծէ՛ ծաղրողը, որ միամիտը խորագէտ ըլլայ. Եթէ խելացին կշտամբես՝ գիտութիւնը պիտի հասկնայ։
26Իր հայրը քայքայողն ու մայրը 14վռնտողը՝ Ամչցնող ու շիկնիլ տուող որդի մըն է։
27Որդեա՛կս, հրաժարէ՛ մտիկ ընելէն այն խրատը՝ Որ քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը մոլորեցնէ։
2815Անօրէն վկան իրաւունքը կը ծաղրէ. Ամբարիշտներուն բերանը անօրէնութիւն կը կլլէ։
29Ծաղրողներուն համար դատավճիռներ պատրաստուած են, Եւ անմիտներուն կռնակին համար՝ ծեծեր։