Proverbs 20
Psalm « Proverbs 19 ‹ Proverbs 20 › Proverbs 21 » Ecclesiastes
1
Գինին ծաղրող է, եւ օղին՝ 1կռիւ ծագեցնող՝՝. Ո՛վ որ ասոնցմով մոլորի՝ իմաստուն չէ։
2Թագաւորին երկիւղը առիւծի կորիւնի 2մռնչիւնին պէս է. Զայն բարկացնողը իր անձին դէմ կը մեղանչէ։
3Մարդուն փառքն է կռիւը դադրեցնել, Բայց ամէն յիմար 3կռուասէր է։
4Ձմեռ ըլլալուն համար՝ ծոյլը արտը չի հերկեր, Ուստի հունձքի ատեն պիտի մուրայ, ու ոչինչ պիտի ունենայ։
5Մարդու մը սիրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է. Հանճարեղ մարդը անկէ կը հանէ։
6Մարդոցմէ շատերը իրենց բարեպաշտութիւնը կը յայտարարեն, Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։
7Իր պարկեշտութեան մէջ ընթացողը արդար է. Իրմէ ետք՝ իր որդիները երանելի պիտի ըլլան։
8Դատաստանի գահին վրայ բազմող թագաւորը՝ Իր աչքերով ամէն չարիք կը 4նկատէ։
9Ո՞վ կրնայ ըսել. «Իմ սիրտս զտեցի, Իմ մեղքէս մաքրուեցայ»։
105Երկու տեսակ կշռաքար՝՝, 6երկու տեսակ չափ՝՝ Հաւասարապէս Տէրոջ առջեւ գարշելի են։
11Նոյնիսկ 7մանուկի մը արարքներէն կը հասկցուի Անոր վարքին մաքուր եւ ուղիղ ըլլալը։
12Լսող ականջն ու տեսնող աչքը՝ Երկուքն ալ Տէ՛րը 8ստեղծած է։
13Քունը մի՛ սիրեր, որպէսզի չթշուառանաս. Աչքերդ բա՛ց, որպէսզի հացով կշտանաս։
14«Գէ՛շ է, գէ՛շ է», կ’ըսէ գնողը. Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։
15Ոսկի ու շատ մարգարիտ 9կը գտնուին՝՝, Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին 10զարդեր են։
16Օտարի մը երաշխաւոր եղողին հագո՛ւստը առ, Եւ օտարազգի կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն՝ գրա՛ւ առ։
17Ստութեան հացը մարդուն 11ախորժելի է, Բայց վերջաւորութեան՝ անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։
18Ծրագիրը խորհուրդով կը հաստատուի, Ուստի խոհեմութեա՛մբ պատերազմէ։
19Բանսարկութեան գացողը գաղտնիքը կը յայտնէ. Ուրեմն հրապուրողին մի՛ 12միանար։
20Ո՛վ որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ, Անոր ճրագը թանձր խաւարի մէջ պիտի շիջանի։
21Եթէ ժառանգութիւն մը սկիզբը արտորալով ստացուի, Անոր վախճանը պիտի չօրհնուի։
22Մի՛ ըսեր. «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ». Տէրո՛ջ յուսա, եւ ան քեզ պիտի ազատէ։
23Երկու տեսակ կշռաքար Տէրոջ առջեւ գարշելի է, Ու խարդախուած կշիռքը լաւ չէ։
2413Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը հաստատուին. Ուստի մարդը ի՞նչպէս կրնայ հասկնալ իր ճամբան։
2514Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը՝՝ եւ ուխտ ընելէն ետք քննարկելը՝ Մարդուն որոգայթ են։
26Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը ցրուէ, Եւ անիւը անոնց վրայ կը դարձնէ։
27Մարդուն ներշնչումը Տէրոջ ճրագն է. 15Սիրտին բոլոր շտեմարանները՝՝ կը խուզարկէ։
28Կարեկցութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն, Ան ալ իր գահը կարեկցութեամբ կ’ամրապնդէ։
29Երիտասարդներուն պարծանքը իրենց ոյժն է, Եւ ծերերուն վայելչութիւնը ճերմակ մազն է։
30Վէրքի 16նշաններն ու սիրտին շտեմարանները հասնող հարուածները՝ 17Չար մարդուն՝՝ սպեղանի են։