Proverbs 21
Psalm « Proverbs 20 ‹ Proverbs 21 › Proverbs 22 » Ecclesiastes
1
Թագաւորին սիրտը ջուրի առուներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ. Զայն կը հակեցնէ ո՛ր կողմը որ ուզէ։
2Մարդուն բոլոր ճամբաները իր աչքերուն ուղիղ կը թուին, Բայց Տէ՛րն է որ սիրտերը կը կշռէ։
3Արդարութիւն եւ իրաւունք կիրարկելը՝ Զոհէն աւելի նախընտրելի է Տէրոջ։
4Աչքերու գոռոզութիւնն ու հպարտ սիրտը, Նաեւ ամբարիշտներուն 1ճրագը մեղք են։
5Ժիր մարդուն մտածումները ի՛րապէս առատութեան կ’առաջնորդեն, Բայց ամէն փութացող՝ անտարակոյս կարօտութեան կը հասնի։
6Ստախօս լեզուով գանձեր վաստկիլը՝ Մահը փնտռողներուն վաղանցիկ ունայնութիւնն է։
7Ամբարիշտներուն հասցուցած զրկանքը զիրենք պիտի կորսնցնէ, Որովհետեւ կը մերժեն իրաւունք կիրարկել։
8Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ 2կը խոտորի՝՝. Բայց մաքուր վարքը ուղիղ է։
9Աւելի լաւ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ տուն մը 3բաժնեկցիլ կռուասէր կնոջ մը հետ։
10Ամբարիշտ մարդուն անձը չարութեան կը փափաքի, Եւ անոր ընկերը իր 4առջեւ ողորմութիւն չի գտներ։
11Երբ ծաղրողը պատժուի՝ միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ. Երբ իմաստունը 5կրթուի՝ գիտութիւն կը ստանայ։
12Արդարը 6ուշադրութիւն կը դարձնէ՝՝ ամբարիշտին տան, Երբ ամբարիշտները իրենց չարութեան համար տապալին։
13Ո՛վ որ իր ականջը կը խցէ՝ չքաւորին աղաղակը չլսելու համար, Ի՛նք ալ պիտի գոչէ, եւ իրեն լսող պիտի չըլլայ։
14Ծածկաբար տրուած պարգեւը բարկութիւնը կը մարէ, Ու ծոցը դրուած 7ընծան սաստիկ ցասումը կը դադրեցնէ։
15Իրաւունք կիրարկելը՝ արդարին ուրախութիւն է, Բայց կործանում կայ անօրէնութիւն գործողներուն։
16Ուշիմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը՝ Ուրուականներու համախմբումին մէջ պիտի 8իջնէ։
17Ուրախութիւն սիրողը 9կարօտեալ պիտի ըլլայ. Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։
18Ամբարիշտը արդարին համար փրկանք կ’ըլլայ, Եւ անհաւատարիմը՝ ուղիղներուն համար։
19Աւելի լաւ է 10անապատը բնակիլ, Քան կռուազան ու դիւրագրգիռ կնոջ հետ։
20Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ եւ իւղ կան, Բայց անմիտ մարդը 11իր ունեցածը՝՝ կը կլլէ։
21Արդարութեան ու կարեկցութեան հետամուտ եղողը՝ Կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ։
22Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կը բարձրանայ Եւ անոնց ապահովութեան 12ամրութիւնը կը փլցնէ։
23Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝ Իր անձը տագնապներէն կը պահէ։
24Հպարտութեամբ եւ ցասումով վարուող մարդը՝ Որ հպարտ ու յանդուգն է, ծաղրող 13կը կոչուի՝՝։
25Ծոյլին փափաքը զինք կը մեռցնէ, Որովհետեւ անոր ձեռքերը կը մերժեն աշխատիլ.
26Ան ամբողջ օրը 14սաստիկ կը ցանկայ, Իսկ արդարը կու տայ առանց խնայելու։
27Ամբարիշտներուն զոհը գարշելի է, Մանաւանդ երբ զայն նենգ մտադրութեամբ կը 15մատուցանեն։
28Սուտ վկան պիտի կորսուի, Բայց լսող մարդը ընդմիշտ պիտի խօսի։
29Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը հաստատէ։
30Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ՝ Որ Տէրոջ 16դիմադրէ։
31Ձին պատերազմի օրուան համար պատրաստուած է, Բայց 17ազատութիւնը Տէրոջմէ՛ն է։