Proverbs 22
Psalm « Proverbs 21 ‹ Proverbs 22 › Proverbs 23 » Ecclesiastes
1
Բարի համբաւը մեծ հարստութենէն նախընտրելի է, Ու շնորհքը արծաթէն եւ ոսկիէն լաւ է։
2Հարուստն ու թշուառը իրարու կը հանդիպին. Զանոնք բոլորը Տէ՛րը 1ստեղծած է։
3Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ եւ կը 2զգուշանայ, Բայց միամիտները կ’անտեսեն ու կը պատժուին։
4Խոնարհութեան եւ Տէրոջ վախին վախճանը՝ Հարստութիւն, փառք ու կեանք է։
5Ծուռ մարդուն ճամբային մէջ փուշեր եւ վարմեր կան. Իր անձը պահողը՝ անոնցմէ կը հեռանայ։
6Կրթէ՛ 3մանուկը իր 4ճամբան սկսած ատենը՝՝, Որպէսզի երբ ծերանայ՝ անկէ չշեղի։
7Հարուստը թշուառներուն վրայ կը տիրէ, Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ստրուկ կ’ըլլայ։
8Անիրաւութիւն սերմանողը 5անօրէնութիւն կը հնձէ, Եւ անոր ցասումի գաւազանը պիտի 6կորսուի։
9Բարեացակամ աչք ունեցողը պիտի օրհնուի, Որովհետեւ իր հացէն չքաւորին կու տայ։
10Եթէ ծաղրողը վռնտես՝ 7կռիւը 8կը հեռանայ՝՝, Բանավէճն ու անարգանքը կը դադրին։
11Սիրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքին վրայ շնորհք կայ, Եւ թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։
12Տէրոջ աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Բայց ինք անհաւատարիմին խօսքերը կ’եղծանէ։
13Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։
14Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջ 9ատելի եղողը՝՝ հոն կ’իյնայ։
1510Մանուկին սիրտին յիմարութիւն կապուած է. Պատիժի գաւազանը զայն իրմէ կը հեռացնէ։
16Իր ստացուածքը շատցնելու համար չքաւորը հարստահարողը, Նաեւ հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի հասնի։
ԵՐԵՍՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
17Դարձո՛ւր ականջդ ու մտի՛կ ըրէ իմաստուններուն խօսքերը, Եւ 11ուշադրութի՛ւն դարձուր՝՝ իմ գիտութեանս.
18Արդարեւ հաճելի պիտի ըլլայ զանոնք քու սիրտիդ մէջ պահել, Անոնք բոլորն ալ քու շրթունքիդ վրայ պիտի հաստատուին։
19Ահա՛ այսօր քեզի գիտցուցի այս բաները, Որպէսզի քու վստահութիւնդ Տէրոջ վրայ ըլլայ։
20Միթէ ես քեզի 12երեսուն խրատ Ու գիտութիւն չգրեցի՞,
21Որպէսզի քեզի 13ցուցնեմ ճշմարտութեան խօսքերուն ստուգութիւնը, Որպէսզի քեզի 14հարցնողներուն ճշմարտութեան խօսքերով պատասխանես։
22Չքաւորը մի՛ 15կողոպտեր իր չքաւորութեան համար Ու դժբախտը մի՛ կոխկռտեր 16դատարանի մէջ.
23Որովհետեւ Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ, Եւ զանոնք կողոպտողներուն 17անձը պիտի կողոպտէ։
24Մի՛ բարեկամանար 18բարկացող մարդուն՝՝ հետ, Ու մի՛ երթար ցասկոտ մարդուն հետ.
25Որպէսզի անոր ուղիները չսորվիս, Եւ անձդ որոգայթի մէջ չբռնուի։
2619Գրաւական տուողներէն՝՝ մի՛ ըլլար, Ո՛չ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն.
27Եթէ վճարելու 20կարողութիւն չունենաս՝՝, Ինչո՞ւ տակէդ քու անկողինդ առնեն։
28Մի՛ տեղափոխեր հնադարեան սահմանաքարը, Որ քու հայրերդ 21դրած են։
29Իր գործին մէջ արագաշարժ մարդ մը կը տեսնե՞ս. Ան թագաւորներո՛ւն պիտի ներկայանայ, Ո՛չ թէ անշուք մարդոց առջեւ կայնի։