Loading...

Proverbs 23

Psalm  «  Proverbs 22  ‹  Proverbs 23  ›  Proverbs 24  »  Ecclesiastes


1

Երբ կառավարիչի մը հետ 1սեղան նստիս՝ Լա՛ւ նկատէ առջեւդ եղողը,

2

Ու դանա՛կ դիր կոկորդիդ վրայ՝ Եթէ ախորժակի տէր ես։

3

Մի՛ ցանկար անոր քաղցրաւենիներուն, Որովհետեւ անոնք 2խաբէութեան կերակուր՝՝ են։

4

Մի՛ յոգնիր՝ հարստանալու համար. Հրաժարէ՛ 3մտադրութենէդ։

5

4Աչքերդ պիտի սեւեռե՞ս՝՝ այն բանին վրայ՝ որ արդէն չկայ. Արդարեւ հարստութիւնը անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ, Եւ արծիւի պէս դէպի երկինք կը թռչի։

6

Վատ աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր, Եւ անոր քաղցրաւենիներուն մի՛ ցանկար.

7

Որովհետեւ ան իր անձին մէջ ինչպէս որ կը մտածէ՝ այնպէս է։ «Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի, Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։

8

Կերած պատառդ պիտի փսխես, Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։

9

Անմիտին ականջներուն մի՛ խօսիր, Քանի որ քու խօսքերուդ ուշիմութիւնը կ’արհամարհէ։

10

Մի՛ տեղափոխեր հնադարեան սահմանաքարը, Եւ մի՛ մտներ որբերուն արտերը.

11

Արդարեւ անոնց 5Փրկարարը հզօր է, Ու քեզի դէմ ի՛նք պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը։

12

Սիրտդ խրատ թող 6ստանայ, Եւ ականջներդ՝ գիտութեան խօսքեր։

13

7Մանուկէն մի՛ կասեցներ պատիժը, Որովհետեւ եթէ զայն գաւազանով ծեծես՝ չի մեռնիր.

14

Թէեւ դուն զայն գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր անձը 8դժոխքէն կ’ազատես։

15

Որդեա՛կս, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Ի՛մ սիրտս ալ պիտի ուրախանայ։

16

Ու երբ քու շրթունքդ ուղղամտութեան մասին խօսի, Իմ 9երիկամունքս պիտի հրճուի։

17

Քու սիրտդ մեղաւորներուն թող չնախանձի, Հապա ամէն օր Տէրոջ վախին մէջ եղիր.

18

Արդարեւ անտարակոյս վախճան մը կայ, Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։

19

Որդեա՛կս, լսէ՛ եւ իմաստո՛ւն եղիր Եւ ուղղէ՛ սիրտդ դէպի շիտակ ճամբան։

20

10Մի՛ ընկերանար՝՝ գինեմոլներուն, Ո՛չ ալ որկրամոլութեամբ միս ուտողներուն.

21

Վասնզի արբեցողն ու որկրամոլը կը թշուառանան, Եւ մրափը ցնցոտինե՛ր կը հագցնէ։

22

Հնազանդէ՛ հօրդ՝ որ քեզ ծնաներ է, Ու մի՛ արհամարհեր մայրդ՝ երբ ծերանայ։

23

Գնէ՛ ճշմարտութիւնը — զայն մի՛ ծախեր —, Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու խելացութիւնը։

24

Արդարին հայրը շատ պիտի խայտայ, Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անով պիտի ուրախանայ։

25

Քու հայրդ ու մայրդ քեզմով թող ուրախանան, Եւ քեզ ծննդաբերողը թող խայտայ։

26

Որդեա՛կս, ինծի՛ տուր քու սիրտդ, Եւ աչքերդ ի՛մ ճամբաներս թող դիտեն.

27

Որովհետեւ պոռնիկը 11խորունկ փոս է, Եւ օտարազգի կինը՝ նեղ 12հոր։

28

Ան գողի պէս դարանը կը մտնէ, Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։

29

Որո՞ւնն է «վա՜յ»ը, որո՞ւնն է «ափսո՜ս»ը. Որո՞ւնն են կռիւները, որո՞ւնն են գանգատները. Որո՞ւնն են առանց 13պատճառի վէրքերը. Որո՞ւնն է աչքերու կարմրութիւնը.—

30

Գինիին քով 14մնացողներուն, Խառնուած գինին փնտռելու գացողներուն։

31

Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեան, Երբ բաժակին մէջ իր 15գոյնը կը ցուցնէ՝՝ ու 16դիւրութեամբ կը հոսի՝՝։

32

Ան վերջը օձի պէս կը խածնէ, Եւ իժի պէս կը խայթէ.

33

Արդարեւ քու աչքերդ օտար կիներուն պիտի նային, Ու սիրտդ նենգութիւն պիտի խօսի,

34

Ծովուն 17մէջտեղը պառկողի պէս պիտի ըլլաս, Կայմի մը գագաթը պառկողի պէս,

35

Եւ պիտի ըսես. «Ինծի զարկին, բայց 18ցաւ չզգացի՝՝. Զիս ծեծեցին, սակայն չգիտակցեցայ։ Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէսզի զայն դարձեալ 19ուզեմ»։



1 Եբր.՝ ուտելու
2 Եբր.՝ ստութեան հաց
3 Եբր.՝ խելքէդ
4 Եբր.՝ Աչքերուդ թռչիլ պիտի տա՞ս
5 Կամ՝ Վրէժխնդիրը
6 Եբր.՝ մտցնէ
7 Եբր.՝ Տղայէն
8 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանէն
9 Այսինքն՝ անձս
10 Եբր.՝ Մէջը մի՛ ըլլար
11 Եբր.՝ նեղ
12 Կամ՝ գուբ
13 Եբր.՝ վճարումի
14 Եբր.՝ ուշացողներուն
15 Եբր.՝ դրսերեւոյթը կու տայ
16 Եբր.՝ ուղիղ կ’երթայ
17 Եբր.՝ սիրտը
18 Եբր.՝ չհիւանդացայ
19 Եբր.՝ փնտռեմ