Proverbs 24
Psalm « Proverbs 23 ‹ Proverbs 24 › Proverbs 25 » Ecclesiastes
1
Մի՛ նախանձիր չար մարդոց, Մի՛ փափաքիր անոնց 1ընկերանալ.
2Որովհետեւ անոնց սիրտը կործանումի մասին կը 2խորհի, Եւ շրթունքը անիրաւութեան մասին կը խօսի։
3Տունը իմաստութեա՛մբ կը կառուցանուի, Ու հանճարո՛վ կը հաստատուի։
4Գիտութեա՛մբ 3շտեմարանները կը լեցուին Ամէն տեսակ թանկարժէք եւ հաճելի ապրանքներով։
5Իմաստուն 4մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ, Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժը կ’աւելցնէ.
6Արդարեւ պատերազմդ 5առաջնորդութեամբ կ’ընես, Եւ 6ազատութիւնը բազմաթիւ խորհրդականներով կ’ըլլայ։
7Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Ան 7դատարանին մէջ իր բերանը չի բանար։
8Ո՛վ որ մտածէ չարիք ընել՝ 8Նենգամիտ պիտի կոչուի։
9Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է, Ու ծաղրողը մարդոց գարշելի է։
10Եթէ տագնապի օրը տկարանաս, Ոյժդ 9քիչ է։
11Ազատէ՛ անոնք՝ որ 10մեռցուելու կը տարուին՝՝, Ու ջանք մի՛ խնայեր՝ որ փրկես ջարդուելու 11գացողները։
12Եթէ ըսես. «Ահա՛ մենք ասիկա չէինք գիտեր», Սիրտերը կշռողը պիտի չհասկնա՞յ։ Քու անձդ պահպանողը՝ ինք գիտէ, Եւ ամէն մարդու պիտի հատուցանէ՝ իր արարքներուն համեմատ։
13Որդեա՛կս, մե՛ղր կեր՝ որ լաւ է, Մեղրախորի՛սխ կեր՝ որ քիմքիդ քաղցր է։
14Գիտցի՛ր թէ իմաստութիւնն ալ քու անձիդ նոյնպէս քաղցր պիտի ըլլայ. Եթէ զայն գտնես՝ Ապագայ մը պիտի ունենաս, Եւ քու յոյսդ պիտի չկտրի։
15Ո՛վ ամբարիշտ, արդարին 12տան դարանակալ մի՛ ըլլար, Անոր 13բնակարանը մի՛ կործաներ։
16Արդարեւ արդարը եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց ամբարիշտները ձախորդութեան մէջ պիտի գայթին։
17Երբ թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար, Ու երբ ոտքը գայթի՝ սիրտդ թող չխայտայ.
18Որպէսզի Տէրը տեսնելով՝ իրեն 14անհաճոյ չըլլայ, Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն կասեցնէ։
19Մի՛ բորբոքիր չարագործներուն դէմ, Եւ մի՛ նախանձիր ամբարիշտներուն։
20Արդարեւ չար մարդը ապագայ չունի. Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի շիջանի։
21Որդեա՛կս, վախցի՛ր Տէրոջմէն ու թագաւորէն, Եւ մի՛ 15միանար 16խռովարար մարդոց.
22Արդարեւ անոնց ձախորդութիւնը յանկարծ 17պիտի հասնի՝՝, Ու երկուքին ալ դժբախտութեան ո՞վ կը գիտակցի։
ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐՈՒ
23Սա՛ բաներն ալ իմաստուններուն կը վերաբերին.— Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը լաւ չէ։
24Ո՛վ որ ամբարիշտին կ’ըսէ. «Դուն արդար ես», Ժողովուրդները զինք պիտի անիծեն, Եւ 18ազգերը զինք պիտի բանադրեն.
25Բայց զայն կշտամբողները 19երջանիկ պիտի ըլլան, Ու անոնց վրայ բարօրութիւն եւ օրհնութիւն պիտի գան։
26Իրաւացի պատասխան տուողը՝ Շրթունք կը համբուրէ։
27Դուրսի գործդ 20կանոնաւորէ՛, Զայն 21քու արտիդ մէջ՝՝ պատրաստէ՛, Յե՛տոյ տունդ կառուցանէ։
28Ընկերիդ դէմ առանց 22պատճառի վկայ մի՛ ըլլար, Եւ շրթունքովդ մի՛ 23խաբեր։
29Մի՛ ըսեր. «Ինք ինչպէս որ ըրաւ ինծի, ես ալ այնպէս պիտի ընեմ իրեն. Այդ մարդուն պիտի հատուցանեմ իր արարքներուն համեմատ»։
30Ծոյլ մարդուն արտին քովէն անցայ, Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն.
31Ահա՛ բոլորին մէջ փուշեր բուսած էին։ Անոնց մակերեսը 24եղիճներ ծածկած էին, Եւ անոր քարէ ցանկապատը փլած էր։
32Երբ զայն տեսայ՝ 25միտքիս մէջ լա՛ւ պահեցի՝՝, Անոր նայեցայ եւ անկէ խրատ ստացայ.—
33Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը մրափես, Եւ քիչ մը ձեռքերդ ծալես՝ ննջելու համար,
34Քու թշուառութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ, Ու կարօտութիւնդ՝ վահանակիր մարդու պէս։