Proverbs 25
Psalm « Proverbs 24 ‹ Proverbs 25 › Proverbs 26 » Ecclesiastes
1
Հետեւեալներն ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը արտագրեցին.—
2Աստուծոյ փառքը՝ բաները ծածկելն է, Իսկ թագաւորներուն փառքը՝ բաները հետազօտելն է։
3Երկինքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը, Նաեւ թագաւորներուն սիրտը անհետազօտելի են։
4Հանէ՛ 1խարամը արծաթէն, Եւ անկէ անօթ մը պիտի ելլէ ձուլագործին համար։
5Հանէ՛ ամբարիշտը թագաւորին առջեւէն, Եւ անոր գահը արդարութեամբ պիտի հաստատուի։
6Թագաւորին առջեւ մի՛ 2պարծենար, Ու մեծերուն տեղը մի՛ կենար.
7Արդարեւ աւելի լաւ է որ քեզի ըսուի. «Հո՛ս բարձրացիր», Քան թէ նուաստանաս աչքերուդ տեսած ազնուականին առջեւ։
83Դատի համար շտապելով դուրս մի՛ ելլեր, Որպէսզի ընկերդ քեզ չխայտառակէ՝ Երբ վերջաւորութեան չգիտնաս ի՛նչ ընել։
9Ընկերիդ հետ վարէ՛ քու դատդ, Բայց ուրիշին գաղտնիքը մի՛ յայտներ,
10Որպէսզի լսողը քեզ չանպատուէ, Ու չարախօսութիւնդ 4անջնջելի մնայ՝՝։
11Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը՝ Արծաթով զարդարուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի։
12Իմաստունին կշտամբանքը՝ մտիկ ընող ականջին Ոսկիէ օղ է, ու մաքուր ոսկիէ մանեակ։
13Ինչպէս է ձիւնին զովութիւնը՝ հունձքի ժամանակ, Նոյնպէս է հաւատարիմ դեսպանը՝ զինք ղրկողներուն. Իր տիրոջ անձը կը վերանորոգէ։
145Սուտ 6առատաձեռնութեան վրայ պարծեցողը՝ 7Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։
15Համբերատարութեամբ մեծաւորը կը սիրաշահուի, Եւ անոյշ լեզուն 8անդամները կը կոտրէ։
16Եթէ մեղր գտնես՝ կե՛ր քեզ բաւարարելու չափ, Որպէսզի 9չյագենաս ու զայն չփսխես։
1710Յաճախ մի՛ երթար՝՝ ընկերիդ տունը, Որ քեզմէ 11չձանձրանայ ու քեզ չատէ։
18Իր ընկերին դէմ 12սուտ վկայութիւն 13տուողը՝ Լախտի, սուրի եւ սրուած նետի պէս է։
19Տագնապի օրը անհաւատարիմ մարդու վստահիլը՝ Կոտրած ակռայի ու երերուն ոտքի ապաւինելու պէս է։
20Տրտում 14մարդուն առջեւ երգեր երգողը՝ Ցուրտ օրը հագուստ հանել տուողին, Կամ բորակի վրայ քացախ թափողին կը նմանի։
21Եթէ 15ոսոխդ անօթի է՝ անոր հա՛ց կերցուր, Ու եթէ ծարաւ է՝ անոր ջո՛ւր խմցուր.
22Արդարեւ այսպէս ընելով՝ անոր գլուխին վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես, Եւ Տէրը քեզի պիտի հատուցանէ։
23Հիւսիսային հովը տեղատարափներ 16կը ծնանի՝՝, Ու խոժոռ դէմքը՝ 17չարախօս լեզու։
24Աւելի լաւ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ տուն մը 18բաժնեկցիլ կռուասէր կնոջ մը հետ։
25Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ պապակած անձին, Այնպէս է հեռաւոր երկրէ եկած բարի լուրը։
26Ամբարիշտ մարդուն առջեւ 19ինկող արդարը՝ Աղտոտած աղբերակի եւ ապականած աղբիւրի կը նմանի։
27Շատ մեղր ուտելը լաւ չէ. Նաեւ մարդուն իր փառքը 20հետապնդելը՝ փառք չէ։
28Իր ոգին 21չզսպող մարդը՝ 22Քանդուած եւ անպարիսպ քաղաքի պէս է։