Loading...

Proverbs 26

Psalm  «  Proverbs 25  ‹  Proverbs 26  ›  Proverbs 27  »  Ecclesiastes


1

Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն, եւ հունձքի ժամանակ՝ անձրեւ, Այնպէս ալ անմիտին պատիւ չի վայլեր։

2

Ինչպէս ճնճղուկը կը թափառի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։

3

Ձիուն խարազան պէտք է, իշուն՝ սանձ, Անմիտներուն կռնակին ալ՝ գաւազան։

4

Անմիտին մի՛ պատասխաներ իր յիմարութեան համեմատ, Որպէսզի դուն ալ անոր 1նման չըլլաս։

5

Անմիտին պատասխանէ՛ իր յիմարութեան համեմատ, Որպէսզի 2ինքզինք իմաստուն չկարծէ՝՝։

6

Անմիտին ձեռքով պատգամ ղրկողը՝ Իր ոտքերը կը կտրէ ու 3վնաս կը 4կրէ։

7

Ինչպէս կաղին սրունքները վտիտ են, Այնպէս է առակը՝ անմիտին բերանին մէջ։

8

Անմիտին պատիւ տուողը՝ 5Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին՝՝ կը նմանի։

9

Առակը անմիտին բերանին մէջ՝ Գինովին ձեռքը մտնող 6փուշին պէս է։

10

Մեծ է ամէն բան 7Ստեղծողը. Ան անմիտը կը վարձէ, նաեւ 8յանցաւորները կը վարձէ։

11

Ինչպէս շունը իր փսխածին կը վերադառնայ, Նոյնպէս անմիտը իր յիմարութեան կը վերադառնայ։

12

Ինքզինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ անմիտէն, քան թէ անկէ։

13

Ծոյլը կ’ըսէ. «9Մռնչող առիւծ՝՝ կայ ճամբային մէջ, Առիւծ կայ հրապարակներուն մէջ»։

14

Ինչպէս դուռը կը դառնայ իր ծխնիներուն վրայ, Նոյնպէս ալ ծոյլը՝ իր մահիճին մէջ։

15

Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը 10խոթէ, Սակայն զայն բերանը 11տանիլը զինք կը 12յոգնեցնէ։

16

Ծոյլը ինքզինք աւելի իմաստուն կը կարծէ՝ Քան 13խելացի պատասխան տուող՝՝ եօթը մարդ։

17

Իրը չեղած 14վէճի մը համար սրդողող անցորդը՝ Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։

18

Ինչպէս է ցնորած մարդը՝ որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կ’արձակէ,

19

Այնպէս է այն մարդը՝ որ իր ընկերը կը խաբէ, Ու յետոյ կ’ըսէ. «Կը կատակէի»։

20

Առանց փայտի՝ կրակը կը մարի. Երբ քսու չըլլայ՝ բանավէճը կը դադրի։

21

Ինչպէս է ածուխը՝ կայծերուն, ու փայտը՝ կրակին, Այնպէս է կռուազան մարդը՝ վէճ բորբոքեցնելու։

22

Քսու մարդուն խօսքերը անուշեղէնի պէս են. Անոնք մինչեւ փորին 15շտեմարանները կ’իջնեն։

23

16Տոչորող շրթունքն ու չար սիրտը Արծաթի 17խարամով պատուած 18խեցիի կը նմանին։

24

Ատողը իր շրթունքը կը կեղծէ, Իսկ սիրտին մէջ խաբէութիւն կը 19պահէ.

25

Մի՛ հաւատար անոր շնորհալի 20խօսքերուն, Որովհետեւ անոր սիրտին մէջ եօթը գարշելի բան կայ.

26

Ան որ իր ատելութիւնը նենգամտութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը համախմբումին մէջ պիտի յայտնուի։

27

Փոս փորողը՝ ի՛նք մէջը պիտի իյնայ. Ա՛ն որ քար կը գլորէ՝ ան իր վրայ պիտի վերադառնայ։

28

Ստախօս լեզուն իր 21խայթածները կ’ատէ, Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը 22յառաջացնէ։



1 Եբր.՝ հաւասար
2 Եբր.՝ իր աչքերուն իմաստուն չըլլայ
3 Եբր.՝ բռնութիւն
4 Եբր.՝ խմէ
5 Կամ՝ Պարսատիկի մէջ քար փաթթողին
6 Եբր.՝ մոշենիին
7 Եբր.՝ Երկնողը
8 Եբր.՝ անտեսողները
9 Կամ՝ Վագր
10 Եբր.՝ թաղէ
11 Եբր.՝ վերադարձնելը
12 Եբր.՝ հիւծէ
13 Եբր.՝ դատողութեամբ վերադարձնող
14 Կամ՝ կռիւի
15 Եբր.՝ ներքին սենեակները
16 Կամ՝ Բոցավառ
17 Այսինքն՝ հալած մետաղի կեղտով
18 Այսինքն՝ թրծուած կաւէ անօթի
19 Եբր.՝ դնէ
20 Եբր.՝ ձայնին
21 Եբր.՝ ճզմածները
22 Եբր.՝ պատրաստէ