Loading...

Proverbs 27

Psalm  «  Proverbs 26  ‹  Proverbs 27  ›  Proverbs 28  »  Ecclesiastes


1

Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Որովհետեւ չես գիտեր թէ օրը ի՛նչ պիտի ծնանի։

2

Ուրի՛շը թող գովէ քեզ, ո՛չ թէ քու բերանդ. Օտարազգին՝ ո՛չ թէ քու շրթունքդ։

3

Քարը ծանրութիւն ունի, եւ աւազը բեռ է. Բայց յիմարին գրգռութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։

4

Ցասումը անգութ է, ու բարկութիւնը՝ յորդահոս. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ դիմանալ։

5

Աւելի լաւ է յայտնի կշտամբանքը, Քան ծածուկ սէրը։

6

1Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Իսկ 2ոսոխին համբոյրները՝ 3խաբէական։

7

Կուշտ անձը մեղրախորիսխը կը կոխկռտէ, Բայց անօթի անձին՝ ամէն լեղի բան քաղցր է։

8

Իր տեղէն թափառական եղող մարդը՝ Իր բոյնէն հեռու թափառող ճնճղուկին պէս է։

9

Հոտաւէտ իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. Նմանապէս բարեկամին քաղցրութիւնը՝ 4մտերիմ խորհուրդով։

10

Քու բարեկամդ ու հօրդ բարեկամը մի՛ լքեր, Եւ ձախորդութեանդ օրը եղբօրդ տունը մի՛ երթար. Աւելի լաւ է մօտ դրացին՝ քան հեռու եղող եղբայրը։

11

Որդեա՛կս, իմաստո՛ւն եղիր ու սի՛րտս ուրախացուր, Որպէսզի կարենամ պատասխանել զիս նախատողին։

12

Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ եւ կը 5զգուշանայ, Բայց միամիտները կ’անտեսեն ու կը պատժուին։

13

Օտարի մը երաշխաւոր եղողին հագո՛ւստը առ, Եւ օտարազգի կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրա՛ւ առ։

14

Եթէ մէկը առտուն՝ կանուխ ելլէ եւ իր բարեկամը բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։

15

Անձրեւոտ օրուան շարունակական կաթկթոցը, Ու կռուազան կինը՝ իրարու կը նմանին.

16

Զայն պահողը՝ հովը կը պահէ, Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած հոտաւէտ իւղը ինքզինք 6կը յայտնէ՝՝։

17

Երկաթը երկաթով կը սրուի, Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը 7գրգռէ։

18

Թզենին խնամողը անոր պտուղը կ’ուտէ, Եւ իր տէրը պահպանողը կը պատուուի։

19

Ինչպէս ջուրը երեսը երեսին կը ցուցնէ, Նոյնպէս սիրտը՝ մարդը մարդուն։

20

8Դժոխքն ու 9վիհը չեն կշտանար. Նոյնպէս մարդուն աչքերը չեն կշտանար։

21

Ինչպէս հալոցը արծաթը կը փորձէ, եւ քուրան՝ ոսկին Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ։

22

Թէեւ յիմարը սանդի մէջ սանդիտոռով ծեծես՝ ձաւարին հետ, Անոր յիմարութիւնը իրմէ չի հեռանար։

23

Ստո՛ւգապէս գիտցիր ոչխարներուդ 10վիճակը, Եւ 11ուշադրութի՛ւն դարձուր՝՝ հօտերուդ.

24

Որովհետեւ գանձը յաւիտենական չէ, Ու պսակը սերունդէ սերունդ չի տեւեր։

25

Երբ խոտը 12բուսնի, դալարը երեւնայ, Եւ լեռներուն բոյսերը ժողվուին,

26

Գառները քու հագուստիդ համար պիտի ըլլան, Նոխազները՝ դաշտին գինը վճարելու,

27

Եւ բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս՝ Քու 13կերակուրիդ ու տանդ կերակուրին համար, Նաեւ սպասուհիներդ ապրեցնելու համար։



1 Եբր.՝ Սիրելիին
2 Եբր.՝ ատողին
3 Կամ՝ առատ
4 Եբր.՝ անձնական
5 Եբր.՝ պահուըտի
6 Եբր.՝ կը գոչէ
7 Եբր.՝ սրէ
8 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանն
9 Եբր.՝ ապադոնը, այսինքն՝ կորուստը
10 Եբր.՝ երեսը
11 Եբր.՝ սիրտի՛դ մէջ դիր
12 Եբր.՝ յայտնուի
13 Եբր.՝ հացիդ