Proverbs 28
Psalm « Proverbs 27 ‹ Proverbs 28 › Proverbs 29 » Ecclesiastes
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
1Ամբարիշտը կը փախչի երբ ո՛չ մէկը զինք կը հալածէ, Իսկ արդարները առիւծի կորիւնի պէս վստահ կ’ըլլան։
2Երբ երկրի մը մէջ ապստամբութիւն ըլլայ, ան բազմաթիւ իշխանաւորներ կ’ունենայ. Բայց հանդարտ վիճակ մը երկար կը տեւէ խելացի ու գիտուն մարդու մը միջոցով։
3Չքաւորները հարստահարող թշուառ 1մարդը՝ Հացի չգոյութիւն պատճառող 2հեղեղանման անձրեւի պէս է։
4Օրէնքը լքողները ամբարիշտները կը գովեն, Իսկ Օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը մաքառին։
5Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, Բայց Տէրը փնտռողները ամէն ինչ կը հասկնան։
6Աւելի լաւ է իր պարկեշտութեան մէջ ընթացող թշուառը, Քան ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստը։
7Օրէնքը պահողը խելացի որդի է, Իսկ որկրամոլներուն բարեկամացողը իր հայրը կը խայտառակէ։
8Իր ստացուածքը վաշխով եւ տոկոսով աւելցնողը՝ Զայն չքաւորին ողորմողին համար կը հաւաքէ։
9Ան որ իր ականջը կը 3դարձնէ՝ Օրէնքը մտիկ չընելու համար, Անոր աղօթքն անգամ գարշելի է։
10Ուղիղները չար ճամբայի մէջ մոլորեցնողը՝ ի՛նք պիտի իյնայ իր փոսին մէջ, Սակայն պարկեշտները բարիք պիտի ժառանգեն։
11Հարուստ մարդը 4ինքզինք իմաստուն կը կարծէ՝՝, Բայց խելացի չքաւորը զայն կը 5քննէ։
12Երբ արդարները հրճուին՝ մեծ պարծանք կ’ըլլայ, Իսկ երբ ամբարիշտները բարձրանան՝ մարդ կը պահուըտի։
13Իր յանցանքները ծածկողը պիտի չյաջողի, Սակայն զանոնք խոստովանողն ու լքողը գթութիւն պիտի գտնէ։
14Շարունակ վախցող մարդը երանելի է, Բայց իր սիրտը խստացնողը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնայ։
15Չքաւոր ժողովուրդը կառավարող ամբարիշտը՝ 6Մռնչող առիւծի եւ խոյացող արջի կը նմանի։
16Հանճարի կարօտ առաջնորդը շատ կը հարստահարէ, Բայց ագահութիւնը ատողը իր օրերը կ’երկարէ։
177Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի. Ո՛չ մէկը 8անոր նեցուկ թող ըլլայ՝՝։
18Պարկեշտութեամբ ընթացողը պիտի փրկուի, Իսկ ծուռ մարդը՝ որ երկու ճամբայէ կը քալէ, անոնցմէ մէկուն մէջ պիտի իյնայ։
19Իր հողը մշակողը հացով պիտի կշտանայ, Բայց 9սնոտի բաներու հետամուտ եղողը՝՝ թշուառութեամբ պիտի լեցուի։
20Հաւատարիմ մարդը առատօրէն կ’օրհնուի, Իսկ հարստանալու փութացողը 10անպատիժ պիտի չմնայ։
21Աչառութիւն ընելը լաւ չէ, Որովհետեւ պատառ մը հացի համար 11մարդ կրնայ յանցանք գործել։
22Վատ աչք ունեցող մարդը կ’արտորայ փարթամ ըլլալ, Ու չի գիտեր թէ իր վրայ կարօտութիւն պիտի հասնի։
23Մարդ կշտամբողը՝ վերջաւորութեան աւելի շնորհք կը գտնէ, Քան լեզուով շողոքորթողը։
24Ա՛ն որ իր հայրը կամ մայրը կը 12կողոպտէ եւ կ’ըսէ. «Յանցանք չէ», Այդպիսին բնաջնջող մարդուն ընկերակիցն է։
25Հպարտ 13սիրտ ունեցողը բանավէճ կը հրահրէ, Սակայն Տէրոջ վստահողը պիտի պարարտանայ։
26Իր սիրտին վստահողը անմիտ է, Բայց իմաստութեամբ ընթացողը պիտի ազատի։
27Թշուառին տուողը կարօտ չ’ըլլար, Իսկ զայն 14անտեսողը՝՝ շատ անէծք պիտի ստանայ։
28Երբ ամբարիշտները բարձրանան՝ մարդիկ կը պահուըտին, Բայց երբ անոնք կորսուին՝ արդարները կը շատնան։