Loading...

Proverbs 29

Psalm  «  Proverbs 28  ‹  Proverbs 29  ›  Proverbs 30  »  Ecclesiastes


1

Երբ յաճախ 1կշտամբուած՝՝ մարդը իր պարանոցը խստացնէ, Յանկարծ պիտի ջախջախուի, եւ անոր դարման պիտի չըլլայ։

2

Եթէ արդարները բազմանան՝ ժողովուրդը կ’ուրախանայ, Բայց երբ ամբարիշտը կառավարէ՝ ժողովուրդը կը հառաչէ։

3

Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ, Իսկ պոռնիկներուն բարեկամացողը իր ստացուածքը կը մսխէ։

4

Իրաւունք կիրարկելով՝ թագաւորը կը կայունացնէ իր երկիրը, Բայց 2կաշառք ստացողը զայն կը տապալէ։

5

Իր ընկերը շողոքորթող 3մարդը՝ Անոր քայլերուն առջեւ ցանց կը փռէ։

6

Չար մարդուն յանցանքին մէջ որոգայթ կայ, Իսկ արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։

7

Արդարը չքաւորներուն դատին գիտակից է, Բայց ամբարիշտը 4տեղեակ չ’ըլլար՝՝։

8

Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն, Իսկ իմաստունները բարկութիւնը կը կասեցնեն։

9

Երբ իմաստուն մարդը դատը կը պաշտպանէ յիմար մարդուն դէմ, Վրդովի թէ ծիծաղի՝ հանգիստ պիտի չըլլայ։

10

Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն, Բայց ուղիղները անոր 5որպիսութիւնը կը հարցնեն՝՝։

11

Անմիտը իր 6միտքը բոլորովին 7կը յայտնէ՝՝, Իսկ իմաստունը զայն յետագային կը պահէ։

12

Սուտ խօսքերու ուշադիր եղող կառավարիչին Բոլոր սպասարկուները ամբարիշտ կ’ըլլան։

13

Թշուառն ու հարստահարիչը իրարու հանդիպեցան. Տէ՛րն է երկուքին աչքերը լուսաւորողը։

14

Չքաւորները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին գահը՝ Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։

15

Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, Բայց իր կամքին ձգուած 8մանուկը իր մայրը կ’ամչցնէ։

16

Երբ ամբարիշտները բազմանան՝ յանցանքը կը շատնայ, Սակայն արդարները անոնց անկումը պիտի տեսնեն։

17

9Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ, Եւ քու անձդ զուարճացնէ։

18

Առանց տեսիլքի՝ ժողովուրդը կը 10խոտորի, Բայց Օրէնքը պահողը երանելի կ’ըլլայ։

19

Հասկցող բայց 11չհնազանդող ծառան՝ Խօսքերով չի 12խրատուիր։

20

Իր խօսքերուն մէջ փութացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ անմիտէն՝ քան իրմէ։

21

Եթէ մէկը իր ծառան 13մանկութենէն շփացնէ, Վերջաւորութեան ան զաւակ կ’ըլլայ։

22

Բարկացոտ մարդը բանավէճ կը հրահրէ, Եւ 14ցասկոտ մարդը՝՝ շատ յանցանքներ կը գործէ։

23

Մարդուն յոխորտանքը զինք կը նուաստացնէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։

24

Գողին բաժնեկից եղողը իր անձը կ’ատէ. Ան երդումը կը լսէ, բայց զայն չի յայտներ։

25

Մարդոց 15վախը որոգայթի մէջ կը 16ձգէ, Սակայն Տէրոջ վստահողը պաշտպանուած կ’ըլլայ։

26

Շատերը կառավարիչին 17շնորհքը կը խնդրեն, Բայց Տէրոջմէ՛ն է մարդուն իրաւունքը։

27

Անիրաւ մարդը արդարներուն գարշելի է, Իսկ 18ուղղամտութեամբ ընթացողը՝՝ ամբարիշտին գարշելի է։



1 Կամ՝ կռուասէր
2 Եբր.՝ բարձրացնելիք ընծայ
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
4 Եբր.՝ գիտութիւնը չի հասկնար
5 Եբր.՝ անձը կը փնտռեն
6 Եբր.՝ հոգին
7 Եբր.՝ դուրս կը հանէ
8 Եբր.՝ տղան
9 Կամ՝ Պատժէ՛
10 Եբր.՝ մերժէ, կամ՝ խուսափի
11 Եբր.՝ չպատասխանող
12 Կամ՝ պատժուիր
13 Եբր.՝ տղայութենէն
14 Եբր.՝ ցասումի տէրը
15 Եբր.՝ դողը
16 Եբր.՝ դնէ
17 Եբր.՝ երեսը
18 Եբր.՝ իր ճամբային մէջ ուղղամիտ եղողը