Proverbs 30
Psalm « Proverbs 29 ‹ Proverbs 30 › Proverbs 31 » Ecclesiastes
ԱԳՈՒՐԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
1Յակէեան Ագուրի խօսքերը, Այսինքն՝ պատգամը, որ 1ան հաղորդեց Իթիէլի, Իթիէլի եւ Ուքալի.—
2Ի՛րապէս ես ամէն մարդէ անխելք եմ, Ու մարդկային խելացութիւն չունիմ։
3Իմաստութիւն չսորվեցայ, Եւ 2Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ ճանչնար։
4Ո՞վ երկինք ելաւ, ու անկէ իջաւ. Ո՞վ հովը ժողվեց իր ափերուն մէջ. Ո՞վ ջուրերը ամփոփեց իր հանդերձին մէջ. Ո՞վ հաստատեց երկրի բոլոր ծայրերը։ Ի՞նչ է անոր անունը, եւ անոր որդիին անունը. Եթէ գիտես՝ ըսէ՛։
5Աստուծոյ բոլոր խօսքերը 3ջինջ են. Ան իրեն ապաւինողներուն վահան է։
6Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի՛ աւելցներ, Որպէսզի քեզ չկշտամբէ ու դուն ստախօս թուիս։
ԱՌԱԿՆԵՐ
7Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ, Մեռնելէս առաջ մի՛ մերժեր զանոնք.—
8Ունայնութիւնն ու ստութիւնը հեռացո՛ւր ինձմէ, Ո՛չ թշուառութիւն տուր ինծի, ո՛չ ալ հարստութիւն. Կերակրէ՛ զիս սովորական 4հացովս,
9Որպէսզի կշտանալով քեզ չուրանամ Ու չըսեմ. «Տէրը ո՞վ է», Ո՛չ ալ թշուառանալով գողնամ Եւ իմ Աստուծոյս անունը 5արատաւորեմ։
10Ծառայի մը մասին մի՛ բամբասեր իր տիրոջ, Որպէսզի քեզ չանիծէ եւ յանցաւոր չըլլաս։
11Սերունդ մը կայ՝ որ իր հայրը կ’անիծէ Ու մայրը չ’օրհներ.
12Սերունդ մը՝ որ իր աչքերուն մաքուր է, Սակայն իր աղտէն լուացուած չէ.
13Սերունդ մը՝ որուն աչքերը գոռոզ են, Եւ կոպերը՝ բարձրացած.
14Սերունդ մը՝ որուն ակռաները սուրերու պէս են, Ու ժանիքները՝ դանակներու պէս, Դժբախտները երկրի վրայէն սպառելու համար, Եւ աղքատները՝ մարդոց մէջէն։
15Տզրուկը երկու աղջիկ ունի. «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն։ Սա՛ երեք բաները անկուշտ են, Ու չորս բան կայ՝ որ չ’ըսեր. «Հերիք է».—
166Դժոխքը, ամուլ արգանդը, Երկիրը՝ որ ջուրով չի 7յագենար, Ու կրակը՝ որ չ’ըսեր. «Հերիք է»։
17Այն աչքը՝ որ իր հայրը կը ծաղրէ Եւ իր մօր հնազանդիլը կ’արհամարհէ, Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն, Եւ արծիւներուն ձագերը պիտի լափեն զայն։
18Սա՛ երեք բաները ինծի սքանչելի կը թուին, Ու չորս բան կայ՝ որ չեմ հասկնար.—
19Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, Վէմին վրայ՝ օձին ճամբան, Ծովուն 8մէջտեղը՝ նաւուն ճամբան, Եւ օրիորդին քով՝ 9մարդուն ճամբան։
20Շնացող կնոջ ճամբան ալ այդպէս է. Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ, Եւ կ’ըսէ. «Անօրէնութիւն չգործեցի»։
21Երեք բանի համար երկիրը կը սարսի, Ու չորս բան կայ՝ որուն չի կրնար հանդուրժել.—
22Ստրուկը՝ երբ թագաւորէ, Անզգամը՝ երբ հացով կշտանայ,
23Ատելի կինը՝ երբ ամուսնանայ, Եւ ստրկուհին՝ երբ իր տիրուհիին ժառանգորդ ըլլայ։
24Երկրի վրայ չորս բան կայ՝ որ պզտիկ է, Բայց՝ 10շատ խելացի՝՝.—
25Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Սակայն իրենց 11կերակուրը ամառը կը պատրաստեն։
26Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները ժայռերու մէջ կը 12շինեն։
27Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն բոլորը գունդ-գունդ դուրս կ’ելլեն։
2813Մողէզը ձեռքերով կը բռնուի, Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ է։
29Երեք բան կայ՝ որ լաւ կը քալէ, Եւ չորս բան կայ՝ որ վայելչագեղ քալուածք ունի.—
30Առոյգ առիւծը, որ 14գազաններուն ամենէն զօրաւորն է, Ու ո՛չ մէկուն առջեւ կը նահանջէ.
3115Մէջքը կապուած ձին՝՝, նաեւ նոխազը, Եւ անդիմադրելի թագաւորը։
32Եթէ անզգամութիւն ըրիր՝ դուն քեզ բարձրացնելով, Կամ չարութիւն մը խորհեցար, Դի՛ր ձեռքդ բերանիդ վրայ.
33Արդարեւ եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ, Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։