Loading...

Proverbs 31

Psalm  «  Proverbs 30  ‹  Proverbs 31  ›  Ecclesiastes 1  »  Ecclesiastes


ՊԱՏԳԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ

1

Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն՝ պատգամը, որ անոր մայրը իրեն 1հաղորդեց.—

2

Ի՞նչ ըսեմ, որդեա՛կս, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ 2որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։

3

Քու ոյժդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ տապալողներուն։

4

Թագաւորներուն չի վայլեր, ո՛վ Լեմուէլ, Թագաւորներուն չի վայլեր գինի խմել, Իշխանապետներուն չի վայլեր օղի խմել.

5

Որպէսզի խմելով օրէնքը չմոռնան, Եւ ո՛չ մէկ 3տառապեալի դատը 4ծռեն։

6

Օղին կորսուողներո՛ւն տուէք, Ու գինին՝ դառնահոգիներո՛ւն.

7

Թող խմէ եւ իր թշուառութիւնը մոռնայ, Ու իր տաժանքը ա՛լ չյիշէ։

8

Բա՛ց քու բերանդ համրին համար, Բոլոր 5անօգնականներուն դատին համար։

9

Բա՛ց քու բերանդ, արդարութեա՛մբ դատէ, Ու դժբախտին եւ աղքատին դա՛տը պաշտպանէ։


ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԻՆԸ

10

Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել. Անոր գինը մարգարիտներէն շատ աւելի է։

11

Անոր ամուսինին սիրտը անոր վրայ վստահութիւն ունի, Եւ աւարի կարօտ չ’ըլլար։

12

Ան իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կ’ընէ, եւ ո՛չ թէ չարիք։

13

Բուրդ ու քթան կը փնտռէ, Եւ հաճոյքով իր ձեռքերով կը գործէ։

14

Ան վաճառականի նաւերուն կը նմանի. Իր 6հացը հեռուէն կը բերէ։

15

Գիշերը կը կանգնի ու տան մարդոց՝ 7կերակուր կու տայ, Եւ իր սպասուհիներուն՝ 8հրաման։

16

Արտի մը վրայ կը խորհի ու զայն 9կը գնէ՝՝. Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։

17

Իր մէջքը զօրութեամբ կը գօտեւորէ, Ու բազուկները 10կ’ամրապնդէ։

18

Իր վաճառականութեան լաւ ըլլալը կը հասկնայ. Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։

19

Ձեռքերը իլիկին վրայ կը դնէ, Եւ ափով րոքը կը բռնէ։

20

Ափը դժբախտին կը բանայ, Ու ձեռքերը աղքատներուն կ’երկարէ։

21

Իր տան մարդոց համար ձիւնէն չի վախնար, Որովհետեւ ամբողջ ընտանիքը 11կրկին հանդերձ՝՝ հագած է։

22

Իրեն ծածկոցներ կը շինէ. Իր հանդերձը բարակ քթան եւ 12ծիրանի է։

23

Անոր ամուսինը ճանչցուած է 13դռներուն մէջ՝ Երբ երկրին երէցներուն հետ կը նստի։

24

Ինք շապիկ կը շինէ ու կը ծախէ Եւ 14վաճառականներուն գօտիներ կը յանձնէ։

25

Զօրութիւն ու փառաւորութիւն կը հագնի, Եւ յետագայ օրերը պիտի ուրախանայ։

26

Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Ու լեզուին վրայ 15քաղցրութեան 16ուսուցում կայ։

27

Իր տան ընթացքը կը քննէ, Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։

28

Անոր որդիները կը կանգնին ու զայն երանելի կը կոչեն։ Անոր ամուսինն ալ զայն կը գովէ՝ ըսելով.

29

«Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն բոլորն ալ կը գերազանցես»։

30

17Վայելչութիւնը կը խաբէ, ու գեղեցկութիւնը ունայն է. Սակայն Տէրոջմէն վախցող կինը պիտի գովուի։

31

Տուէ՛ք անոր իր ձեռքերուն պտուղէն, Եւ անոր արարքները դռներուն մէջ պիտի գովեն զայն։



1 Եբր.՝ սորվեցուց
2 Եբր.՝ փորիս
3 Եբր.՝ տառապանքի որդիի
4 Եբր.՝ այլափոխեն
5 Եբր.՝ փոփոխութեան որդիներուն
6 Այսինքն՝ կերակուրը
7 Եբր.՝ որս
8 Կամ՝ բաժին
9 Եբր.՝ կ’առնէ
10 Եբր.՝ կը կարծրացնէ, կամ՝ կը զօրացնէ
11 Եբր.՝ կրկնակի կարմիր
12 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպաս
13 Այսինքն՝ քաղաքին դռներուն
14 Եբր.՝ քանանացի վաճառականներուն
15 Եբր.՝ կարեկցութեան
16 Եբր.՝ օրէնք
17 Եբր.՝ Շնորհքը