Psalm 1
Job « Job 42 ‹ Psalm 1 › Psalm 2 » Proverbs
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Երանելի է այն մարդը՝ Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին համաձայն չ’ընթանար, Ու մեղաւորներուն ճամբային մէջ չի կենար, Եւ ծաղրողներուն աթոռին վրայ չի նստիր.
2Հապա անոր հաճոյքը 1Տէրոջ Օրէնքին մէջ է, Եւ ցերեկ ու գիշեր անոր Օրէնքին մասին կը խորհրդածէ։
3Անիկա ջուրի առուներուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին՝ իր պտուղը կու տայ. Անոր տերեւը պիտի չթառամի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
4Այսպէս չեն ամբարիշտները, Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը տարտղնէ։
5Հետեւաբար ամբարիշտները պիտի չկարենան 2կանգուն մնալ՝՝ դատաստանին 3օրը, Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն համայնքին մէջ։
6Որովհետեւ Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։