Psalm 2
Job « Psalm 1 ‹ Psalm 2 › Psalm 3 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Ինչո՞ւ 1հեթանոսները կ’ալեկոծին, Ու 2ժողովուրդները պարապ բան կը խորհրդածեն.
2Երկրի թագաւորները իրենք զիրենք կը հաստատեն, Իշխանները միասին կը խորհրդակցին Տէրոջ դէմ եւ անոր 3Օծեալին դէմ՝ ըսելով.
3«Կոտրե՛նք անոնց կապանքները, Նետե՛նք մեզմէ անոնց 4լուծը»։
4Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի. Տէրը զանոնք պիտի ծաղրէ։
5Այն ատեն իր բարկութամբ պիտի խօսի անոնց, Եւ իր բորբոքումով պիտի շփոթեցնէ զանոնք՝ ըսելով.
6«Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս Իմ սուրբ լերանս՝ Սիոնի վրայ»։
7Հրամանը պիտի յայտարարեմ. Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, Քեզ ա՛յսօր ծնայ։
8Խնդրէ՛ ինձմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ, Ու երկրի ծայրերը՝ քեզի ստացուածք։
9Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի 5կոտրես, Բրուտի անօթի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, ուշի՛մ եղէք, Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11Վախո՛վ Տէրը պաշտեցէք, Դողալո՛վ խայտացէք.
12Որդի՛ն համբուրեցէք՝ որպէսզի չբարկանայ, Ու ճամբային մէջ չկորսուիք՝ Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը 6բորբոքի։ Երանի՜ բոլոր անոնց՝ որ անոր կ’ապաւինին։