Loading...

Psalm 3

Job  «  Psalm 2  ‹  Psalm 3  ›  Psalm 4  »  Proverbs


ԱՌՏՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը, երբ կը փախչէր իր որդիին՝ Աբիսողոմի առջեւէն։

1

Ո՛վ Տէր, հակառակորդներս ո՜րչափ շատցան. Ինծի դէմ կանգնողները բազմաթիւ են։

2

Շատերը իմ անձիս համար կ’ըսեն. «Աստուծմէ փրկութիւն չկայ ասոր»։ (1Սելա։)

3

Բայց, ո՛վ Տէր, դո՛ւն ես իմ վահանս, Իմ փառքս եւ իմ գլուխս բարձրացնողը։

4

Իմ ձայնովս Տէրոջ գոչեցի, Եւ իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սելա։)

5

Ես պառկեցայ ու քնացայ. Արթնցայ, քանի Տէրը ինծի նեցուկ եղաւ։

6

Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն, Որոնք զիս շրջապատեցին։

7

Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր. փրկէ՛ զիս, ո՛վ իմ Աստուածս. Արդարեւ դո՛ւն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս այտը, Ամբարիշտներուն ակռաները կոտրտեցիր։

8

Փրկութիւնը Տէրոջն է. Քու օրհնութիւնդ ժողովուրդիդ վրայ 2է։ (Սելա։)



1 Այս եբրայերէն բառը կրնայ մատնանշել ձայնի դադար կամ բարձրացում
2 Կամ՝ ըլլայ