Loading...

Psalm 4

Job  «  Psalm 3  ‹  Psalm 4  ›  Psalm 5  »  Proverbs


ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Երբ գոչեմ՝ պատասխանէ՛ ինծի, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Տագնապի մէջ զիս 1սփոփեցիր. Ողորմէ՛ ինծի եւ լսէ՛ իմ աղօթքս։

2

Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս նախատինքի պիտի վերածէք, Ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սելա։)

3

Բայց գիտցէ՛ք թէ Տէրը զատորոշեց իրեն 2նուիրուած մարդը. Տէրը պիտի լսէ՝ երբ իրեն գոչեմ։

4

3Դողացէ՛ք, եւ մի՛ մեղանչէք. 4Մտածեցէ՛ք ձեր անկողինին վրայ, ու լռեցէ՛ք։ (Սելա։)

5

Արդարութեան զոհե՛ր մատուցանեցէք, Եւ Տէրո՛ջ վստահեցէք։

6

Շատեր կ’ըսեն. «Ո՞վ մեզի բարօրութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը 5ծագեցո՛ւր մեր վրայ։

7

Իմ սիրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու քաղցուին առատութեան ժամանակէն աւելի։

8

Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ եւ քնանամ, Որովհետեւ դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։



1 Եբր.՝ ընդարձակեցիր
2 Եբր.՝ բարեպաշտ
3 Եբր.՝ Վրդովեցէ՛ք
4 Եբր.՝ Խօսեցէ՛ք ձեր սիրտին հետ
5 Եբր.՝ բարձրացո՛ւր