Psalm 5
Job « Psalm 4 ‹ Psalm 5 › Psalm 6 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. նհիլօթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, ունկնդրէ՛ իմ խօսքերս, Նկատէ՛ խորհրդածութիւնս.
2Ուշադի՛ր եղիր աղաղակիս ձայնին, ո՛վ իմ Թագաւորս եւ Աստուածս, Որովհետեւ քեզի՛ կ’աղօթեմ։
3Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս. Առտուն աղօթքս քեզի 1պիտի ուղղեմ՝՝, եւ սպասեմ։
4Արդարեւ դուն ամբարշտութենէ ախորժող Աստուած չես. Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։
5Պարծենկոտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկայնին. Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես։
6Սուտ խօսողները կը կորսնցնես. Տէրը արիւնահեղ ու խաբեբայ մարդէն կը գարշի։
7Բայց ես քու կարեկցութեանդ շատութեամբ քու տունդ պիտի մտնեմ. Քու վախովդ պիտի երկրպագեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։
8Ո՛վ Տէր, առաջնորդէ՛ զիս քու արդարութեամբդ՝ 2ոսոխներուս պատճառով, Շտկէ՛ իմ առջեւս քու ճամբադ,
9Որովհետեւ անոնց բերանին մէջ 3ճշմարտութիւն չկայ. Անոնց ներսը եղեռնագործութիւն է, Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, Իրենց լեզուով կը շողոքորթեն։
10Ո՛վ Աստուած, յանցաւո՛ր սեպէ զանոնք. Թող իյնան իրենց խորհուրդներով. Հալածէ՛ զանոնք՝ իրենց յանցանքներուն շատութեան համար, Քանի որ քեզի դէմ ընդվզեցան։
11Բայց բոլոր քեզի ապաւինողները թող ուրախանան. Յաւիտեան թող ցնծան, որովհետեւ դուն զանոնք կը պաշտպանես։ Քու անունդ սիրողները քեզմով թող հրճուին,
12Քանի որ դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, Բարեհաճութեամբ պիտի շրջապատես զայն՝ որպէս թէ ասպարով մը։