Psalm 6
Job « Psalm 5 ‹ Psalm 6 › Psalm 7 » Proverbs
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ԱՏԵՆ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. շեմինիթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, քու բարկութեամբդ զիս մի՛ յանդիմաներ, Եւ ցասումովդ զիս մի՛ 1պատժեր։
2Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, որովհետեւ տկար եմ. Բուժէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քանի ոսկորներս կը շփոթին։
3Իմ անձս ալ յոյժ շփոթեցաւ. Իսկ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4Վերադարձի՛ր, ո՛վ Տէր. ազատէ՛ իմ անձս, Փրկէ՛ զիս՝ քու կարեկցութեանդ պատճառով։
5Արդարեւ մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. 2Դժոխքին մէջ ո՞վ քեզմէ շնորհակալ պիտի ըլլայ։
6Հառաչելէն յոգնեցայ. Ամէն գիշեր 3կը լուամ՝՝ մահիճս, Արցունքներովս կը թրջեմ մահճակալս։
7Աչքս ծիւրեցաւ վիշտէն, Բոլոր հակառակորդներուս պատճառով հինցաւ։
8Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ՝ որ անօրէնութիւն կը գործէք, Որովհետեւ Տէրը իմ լացիս ձայնը լսեց.
9Տէրը իմ աղաչանքս լսեց, Տէրը իմ աղօթքս պիտի ընդունի։
10Թող ամչնան ու յոյժ շփոթին իմ բոլոր թշնամիներս, Թող վերադառնան ու շուտով ամչնան։