Psalm 7
Job « Psalm 6 ‹ Psalm 7 › Psalm 8 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի մեղեդին, որ երգեց Տէրոջ՝ Բենիամինեան Քուշի խօսքերուն համար։
1Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, քեզի՛ կ’ապաւինիմ. Փրկէ՛ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս, եւ ազատէ՛ զիս.
2Որպէսզի իմ անձս 1չբզքտեն առիւծի մը պէս, Որ կը յօշոտէ, եւ ո՛չ մէկ ազատող կ’ըլլայ։
3Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, եթէ սա՛ բանը ըրի.— Եթէ ձեռքերուս մէջ անիրաւութիւն կայ,
4Եթէ չարիք հատուցանեցի 2բարեկամիս, Ու 3կողոպտեցի ան՝ որ 4առանց պատճառի՝՝ իմ հակառակորդս էր,
5Թշնամին թող հալածէ իմ անձս եւ հասնի անոր, Գետինին վրայ կոխկռտէ կեանքս, Ու փառքս հողին մէջ բնակեցնէ։ (Սելա։)
6Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր, քու բարկութեամբդ. Բարձրացի՛ր հակառակորդներուս ցասումին դէմ։ Արթնցի՛ր ինծի համար. դո՛ւն 5սահմանեցիր դատաստանը։
76Ժողովուրդներուն համայնքը քեզ պիտի շրջապատէ. Բարձրացի՛ր անոնց վրայ։
8Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. Ո՛վ Տէր, դատէ՛ զիս Արդարութեանս եւ մէջս եղած պարկեշտութեանս համեմատ։
9Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող վերջանայ, Իսկ դուն հաստատէ՛ արդարը. Արդարեւ դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սիրտերն ու 7խիղճերը։
10Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է, Որ կը փրկէ սիրտով ուղիղները.
11Աստուած արդար դատաւոր է. Աստուած ամբարիշտին ամէն օր բարկացած է.
12Եթէ ան դարձի չգայ, իր սուրը պիտի սրէ. Աղեղը լարած եւ հաստատած է։
13Մահուան գործիքները պատրաստած է անոր դէմ, Իր 8հրավառ նետերը շինած է։
14Ահա՛ ամբարիշտը անօրէնութեան երկունքի ցաւ կը քաշէ. Անիրաւութիւն յղացաւ եւ ստութիւն ծնաւ։
15Հոր փորեց ու խորունկցուց, Բայց իր պատրաստած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.
16Անոր անիրաւութիւնը իր գլուխը պիտի վերադառնայ. Անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։
17Շնորհակալ պիտի ըլլամ Տէրոջմէն՝ իր արդարութեան համար, Սաղմոս պիտի երգեմ Ամենաբարձր Տէրոջ անունին։