Psalm 8
Job « Psalm 7 ‹ Psalm 8 › Psalm 9 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ Գլխաւոր երաժիշտին. կիթթիթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ 1Աստուած, մեր Տէ՛րը, Ի՜նչ հոյակապ է քու անունդ ամբողջ երկրի վրայ. Քու փառաւորութիւնդ երկինքէն վեր դրիր։
2Երախաներուն եւ ծծկերներուն բերանով 2Գովաբանութիւն կատարեցիր՝՝ քու հակառակորդներուդ պատճառով, Որպէսզի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
3Երբ տեսնեմ երկինքդ՝ քու մատներուդ գործը, Լուսինը եւ աստղերը՝ որոնք դուն հաստատեցիր,
4Մարդը ի՞նչ է՝ որ զայն կը յիշես, Կամ մարդու որդին՝ որ անոր կ’այցելես։
5Քիչ մը 3վար ըրիր՝՝ զայն 4հրեշտակներէն, Փառքով ու վայելչութեամբ 5պսակեցիր զայն.
6Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ տիրել տուիր անոր։ Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ դրիր.—
7Բոլոր ոչխարներն ու արջառները, Նաեւ դաշտի գազանները,
8Երկինքի 6թռչուններն ու ծովուն ձուկերը, Եւ ինչ որ ծովու ուղիներուն մէջէն կ’անցնի։
9Ո՛վ Աստուած, մեր Տէ՛րը, Ի՜նչ հոյակապ է քու անունդ ամբողջ երկրի վրայ։