Psalm 9
Job « Psalm 8 ‹ Psalm 9 › Psalm 10 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Մութ-Լապպէնի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Շնորհակալ պիտի ըլլամ Տէրոջմէն իմ ամբողջ սիրտովս. Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։
2Քեզմով պիտի ուրախանամ եւ հրճուիմ. Քու անունիդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Ամենաբարձր։
3Երբ թշնամիներս նահանջեն՝ Պիտի գայթին ու կորսուին քու 1առջեւդ,
4Որովհետեւ դո՛ւն 2պաշտպանեցիր իրաւունքս եւ դատս, Գահին վրայ բազմեցար իբր արդար դատաւոր։
5Հեթանոսները սաստեցիր, Ամբարիշտը կորսնցուցիր, Անոնց անունները ջնջեցիր 3դարէ դար՝՝։
6Ո՛վ թշնամի, աւերումները ընդմիշտ վերջացան. Քաղաքներ աւերեցիր, Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։
7Բայց Տէրը յաւիտեան կը գահակալէ. Իր գահը պատրաստած է դատաստանի համար։
8Ի՛նք երկրագունդը պիտի դատէ արդարութեամբ, 4Ժողովուրդներուն դատը պիտի պաշտպանէ ուղղամտութեամբ։
9Տէրը տնանկին ալ պատսպարան պիտի ըլլայ, Պատսպարան՝ տագնապի ժամանակները։
10Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի վստահին, Որովհետեւ քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, չլքեցիր։
11Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջ՝ որ Սիոն կը բնակի, Հռչակեցէ՛ք անոր ըրածները ժողովուրդներուն մէջ.
12Որովհետեւ 5արիւնի վրէժխնդիրը կը յիշէ՝՝, Տառապեալներուն աղաղակը չի մոռնար։
13Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Տե՛ս 6ոսոխներէս կրած տառապանքս, Դո՛ւն՝ որ զիս մահուան դռներէն կը բարձրացնես,
14Որպէսզի քու բոլոր 7փառաւոր գործերդ՝՝ պատմեմ Սիոնի աղջիկին դռներուն մէջ. Պիտի խայտամ քու փրկութեամբդ։
15Հեթանոսները իրենց պատրաստած փոսին մէջ մխրճուեցան. Իրենց պահած ցանցին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։
16Տէրը ճանչցուած է իր գործադրած դատավճիռով. Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերով որոգայթին մէջ կ’իյնայ։ (8Հիկկայոն։ Սելա։)
17Ամբարիշտները 9դժոխքը պիտի 10մղուին, Նաեւ այն բոլոր ազգերը՝ որոնք Աստուած կը մոռնան։
18Արդարեւ աղքատը ընդմիշտ պիտի չմոռցուի. Դժբախտներուն յոյսը յաւերժ պիտի չկորսուի։
19Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր. մարդը թող չզօրանայ. Հեթանոսները թող դատուին քու առջեւդ։
20Ո՛վ Տէր, 11վախցո՛ւր զանոնք՝՝. Հեթանոսները թող գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սելա։)