Psalm 10
Job « Psalm 9 ‹ Psalm 10 › Psalm 11 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. Տագնապի ժամանակները կը թաքնուիս։
21Ամբարիշտին յոխորտանքին պատճառով դժբախտը կը տոչորի՝՝. Իրենց մտածած 2հնարքներուն մէջ իրե՛նք թող բռնուին։
3Արդարեւ ամբարիշտը իր անձին փափաքով կը պարծենայ. Ագահը կ՛օրհնէ, Տէրը կ’անարգէ։
4Ամբարիշտը իր դէմքին խրոխտութեան համար Աստուած չի փնտռեր. Իր բոլոր 3մտածումներուն մէջ բնա՛ւ Աստուած չկայ։
5Անոր ճամբաները ամէն ժամանակ 4պինդ են. Քու դատավճիռներդ անոր դիմաց շատ բարձր են. Ան իր բոլոր հակառակորդներուն վրայ կը փչէ։
6Իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Պիտի չսասանիմ, Որովհետեւ սերունդէ սերունդ ձախորդութեան մէջ պիտի չըլլամ»։
7Անոր բերանը անէծքով, խաբէութիւններով ու հարստահարութիւններով լեցուն է. Անիրաւութիւնը եւ 5անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։
8Գիւղերուն մօտ դարան կը 6մտնէ, Ծածուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ. Անոր աչքերը ծածկաբար տկարները կը դիտեն։
9Ծածուկ տեղեր դարան կը մտնէ, ինչպէս առիւծը՝ իր մացառուտին մէջ. Դարանակալ կ’ըլլայ՝ դժբախտը յափշտակելու համար. Դժբախտը կը յափշտակէ՝ իր ցանցին մէջ 7ձգելով զայն։
10Կը ծուարի, կը կծկուի, Եւ տկարները անոր 8ճանկերուն տակ կ’իյնան։
11Իր սիրտին մէջ կ’ըսէ. «Աստուած մոռցեր է. Իր երեսը ծածկեր է, որպէսզի ամենեւին չտեսնէ»։
12Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր. բարձրացո՛ւր ձեռքդ, ո՛վ Աստուած. Մի՛ մոռնար տառապեալները։
13Ինչո՞ւ ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ, Իր սիրտին մէջ ըսելով. «Հաշիւ պիտի չպահանջես»։
14Դուն տեսար, որովհետեւ տաժանքին ու վիշտին կը նայիս,՝ Քու ձեռքովդ փոխարէնը հատուցանելու համար։ Տկարը ինքզինք քեզի՛ կը յանձնէ. Որբին օգնականը դո՛ւն ես։
15Կոտրէ՛ ամբարիշտին բազուկը. Փնտռէ՛ չարին ամբարշտութիւնը՝ մինչեւ որ ա՛լ չգտնես։
16Տէրը 9դարէ դար՝՝ թագաւոր է. Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։
17Ո՛վ Տէր, տառապեալներուն փափաքը լսեցիր. Անոնց սիրտերը պիտի հաստատես, եւ քու ականջդ ուշադիր պիտի ըլլայ՝
18Որբին ու տնանկին դատը պաշտպանելու, Որպէսզի 10հողեղէն մարդը ա՛լ զանոնք չահաբեկէ։