Loading...

Psalm 11

Job  «  Psalm 10  ‹  Psalm 11  ›  Psalm 12  »  Proverbs


ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՎՐԱՅ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Տէրոջ ապաւինեցայ. Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք. «Ճնճղուկի պէս թռչէ՛ դէպի ձեր լեռը.

2

Որովհետեւ ահա՛ ամբարիշտները աղեղ լարեցին, Իրենց նետերը լարին վրայ հաստատեցին, Որպէսզի մութին մէջ արձակեն սիրտով ուղիղներուն։

3

Եթէ հիմերը քանդուին, Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։

4

Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Տէրոջ գահը երկինքն է. Անոր աչքերը կը տեսնեն, Անոր կոպերը կը քննեն մարդոց որդիները։

5

Տէրը կը քննէ արդարը. Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտն ու բռնութիւն սիրողը։

6

Ամբարիշտներուն վրայ 1վարմեր պիտի տեղացնէ, Հուր, ծծումբ եւ խորշակ. Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։

7

Քանի որ արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ. Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։



1 Կամ՝ փայլակներ