Psalm 12
Job « Psalm 11 ‹ Psalm 12 › Psalm 13 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. շեմինիթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
11Օգնութեա՛ն հասիր, ո՛վ Տէր, որովհետեւ բարեպաշտ 2չմնաց. Արդարեւ հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2Ամէն մարդ ունայնութիւն կը խօսի իր ընկերին. Շողոքորթող շրթունքով ու 3կրկնակ սիրտով՝՝ կը խօսին։
3Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները, Ու մեծախօս լեզուն
4Անոնց՝ որ կ’ըսեն. «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք, Մեր շրթունքները մերն են. ո՞վ է մեր վրայ տիրողը»։
5«Դժբախտներուն զրկանքին եւ աղքատներուն հեծեծանքին համար Հիմա պիտի կանգնիմ,— կ’ըսէ Տէրը,— Ապահովութեան մէջ պիտի դնեմ ան՝ որուն վրայ կը փչեն»։
6Տէրոջ խօսքերը մաքուր խօսքեր են. Հողէ բովի մէջ հալեցուած՝ Եօթը անգամ զտուած արծաթի պէս են։
7Ո՛վ Տէր, դո՛ւն պիտի պահպանես զանոնք, Ու պիտի պաշտպանես այս սերունդէն՝ յաւիտենապէս։
8Ամբարիշտները ամէն կողմ կը շրջին՝ Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։