Psalm 13
Job « Psalm 12 ‹ Psalm 13 › Psalm 14 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. զիս ընդմի՞շտ պիտի մոռնաս։ Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինձմէ պիտի ծածկես։
2Մինչեւ ե՞րբ 1միտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ՝՝, Եւ ամէն օր տրտմութիւն՝ սիրտիս մէջ. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3Նայէ՛, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, ու պատասխանէ՛ ինծի. Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս՝ Որպէսզի մահուան քունը չքնանամ,
4Որ թշնամիս չըսէ. «Յաղթեցի անոր», Կամ թէ հակառակորդներս չխայտան երբ սասանիմ։
5Ես քու կարեկցութեանդ վստահեցայ, Սիրտս քու փրկութեամբդ պիտի խայտայ։
6Պիտի երգեմ Տէրոջ, Որովհետեւ ինծի երախտիք ըրաւ։