Psalm 14
Job « Psalm 13 ‹ Psalm 14 › Psalm 15 » Proverbs
Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1Անզգամը իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ արարքներով. Չկայ մէկը՝ որ բարիք ընէ։
2Տէրը երկինքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէսզի տեսնէ թէ կա՛յ արդեօք ուշիմ մէկը՝ Որ Աստուած փնտռէ։
3Բոլո՛րը 1խոտորեցան, միասին անպիտան եղան. Ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ։
4Միթէ գիտակից չե՞ն բոլոր անօրէնութիւն գործողները, Որոնք իմ ժողովուրդս կ’ուտեն՝ հաց ուտելու պէս, Եւ Տէրոջ չեն գոչեր։
5Ա՛յն ատեն 2մեծապէս պիտի վախնան՝՝, Երբ Աստուած արդարներուն սերունդին մէջ երեւնայ։
6Դժբախտին 3խորհուրդը ամչցուցիք, 4Սակայն անոր ապաւէնը Տէրն է։
7Երանի՜ թէ Սիոնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը. Երբ Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն վերադարձնէ՝ Յակոբ պիտի խայտայ, եւ Իսրայէլ ուրախանայ։