Loading...

Psalm 15

Job  «  Psalm 14  ‹  Psalm 15  ›  Psalm 16  »  Proverbs


ՏԷՐՈՋ ՊԱՀԱՆՋԸ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Տէ՛ր, ո՞վ պիտի 1կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։

2

Ա՛ն՝ որ պարկեշտութեամբ կ’ընթանայ, արդարութիւն կը կիրարկէ, Եւ իր սիրտին ճշմարտութիւնը կը խօսի։

3

Ա՛ն՝ որ իր լեզուով չի զրպարտեր, Ընկերին չարիք չ’ըներ, Եւ հարեւանին վրայ նախատինք չի բերեր.

4

Անոր 2առջեւ արհամարհելի անձը 3անարգուած է, Բայց աստուածավախները կը պատուէ։ Եթէ երդում ընէ ու 4վնասէ՝՝, չի 5դրժեր.

5

Իր դրամը վաշխով չի տար, Եւ անմեղին դէմ կաշառք չի ստանար։ Ո՛վ որ ասոնք կ’ընէ, երբե՛ք պիտի չսասանի։



1 Եբր.՝ պանդխտանայ
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ արհամարհուած
4 Կամ՝ իր հարեւանին
5 Եբր.՝ փոխանակեր