Loading...

Psalm 16

Job  «  Psalm 15  ‹  Psalm 16  ›  Psalm 17  »  Proverbs


ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Դաւիթի երգը։

1

Ո՛վ Աստուած, պահպանէ՛ զիս, Որովհետեւ քեզի ապաւինեցայ։

2

Տէրոջ ըսի. «Դո՛ւն ես իմ Տէրս, Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։

3

Երկրի վրայ եղող սուրբերուն ու երեւելիներուն ներկայութեան մէջ է իմ ամբողջ հաճոյքս։

4

Ուրիշ աստուած մը 1փնտռողներուն ցաւերը պիտի բազմապատկուին. Անոնց արիւնի 2նուէրներ պիտի 3չընծայեմ, Եւ անոնց անունները շրթունքիս վրայ պիտի չառնեմ։

5

Տէ՛րն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը. Իմ վիճակս դո՛ւն կը պահես։

6

Վիճակներ ելան ինծի հաճելի տեղերու մէջ. Այո՛, գեղեցիկ ժառանգութիւն մը 4տրուեցաւ ինծի՝՝։

7

Պիտի օրհնաբանեմ Տէրը՝ որ զիս կը խրատէ. Նաեւ գիշերուան մէջ 5խիղճս զիս կը խրատէ՝՝։

8

Տէրը շարունակ իմ առջեւս դրի. Քանի իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։

9

Հետեւաբար սիրտս ուրախացաւ ու 6փառքս խայտաց, Մարմինս ալ ապահովութեամբ պիտի հանգչի.

10

Որովհետեւ իմ անձս 7դժոխքին մէջ պիտի չլքես, Պիտի չթոյլատրես որ քու 8սուրբդ ապականութիւն տեսնէ։

11

Կեանքի ուղին պիտի 9ցուցնես ինծի. Երեսիդ առջեւ ուրախութեան 10յագեցում կայ, Քու աջ կողմդ ընդմիշտ հաճոյքներ կան։



1 Եբր.՝ շտապողներուն
2 Եբր.՝ թափելիք նուէրներ
3 Եբր.՝ չթափեմ
4 Եբր.՝ վրաս եղաւ
5 Եբր.՝ երիկամունքս ինծի կը սորվեցնէ
6 Այսինքն՝ անձս, կամ՝ լեզուս
7 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
8 Եբր.՝ բարեպաշտդ
9 Եբր.՝ գիտցնես
10 Եբր.՝ կշտացում