Psalm 17
Job « Psalm 16 ‹ Psalm 17 › Psalm 18 » Proverbs
ԱՆՄԵՂԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Դաւիթի աղօթքը։
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս, Ուշադի՛ր եղիր 1պաղատանքիս, Ունկնդրէ՛ աղօթքս, Որ խաբեբայ շրթունքով չէ։
2Իմ դատավճիռս քու ներկայութեանդ թող 2արձակուի. Քու աչքերդ ուղղամտութիւնը թող տեսնեն։
3Իմ սիրտս քննեցիր, գիշերը աչքէ անցուցիր, Զիս բովի մէջ զտեցիր ու ոչինչ գտար։ Որոշեցի որ բերանս պատուիրաններդ չանտեսէ.
4Մարդոց գործերուն նայելով՝ Քու շրթունքիդ խօսքերով զգուշացայ աւազակին ուղիներէն։
5Պահէ՛ քայլերս քու արահետներուդ մէջ, Որպէսզի ոտքերս չսահին։
6Ես քեզի գոչեցի, որովհետեւ ինծի պիտի պատասխանես, ո՛վ Աստուած։ Դարձո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։
7Ցո՛յց տուր քու սքանչելի կարեկցութիւնդ, Դո՛ւն՝ որ քեզի ապաւինողները աջ ձեռքովդ կը փրկես 3Հակառակորդներէն։
8Պահպանէ՛ զիս աչքի բիբի պէս, Ծածկէ՛ զիս թեւերուդ հովանիին տակ՝
9Զիս աւերող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին.
10Իրենց ճարպով 4ծածկուեցան, Իրենց բերանով ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։
11Հիմա մեր քայլերը շրջապատելով Իրենց աչքերը մեր վրայ սեւեռեցին՝ մեզ 5զգետնելու համար,
12Առիւծի պէս՝ որ կը տենչայ բզքտել, Կորիւնի պէս՝ որ ծածուկ տեղերը 6դարանակալ կ’ըլլայ՝՝։
13Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր. ընդառաջէ՛ անոր, 7Նուաստացո՛ւր զայն, Քու սուրովդ ազատէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն։
14Ո՛վ Տէր, քու ձեռքովդ փրկէ՛ զիս 8մարդոցմէն, Աշխարհի՛ մարդոցմէն՝ որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է. Անոնց փորը պահեստներէդ կը լեցնես, Անոնց 9որդիներն ալ՝՝ կը կշտանան, Եւ իրենցմէ աւելցածը իրենց երախաներուն կը թողուն։
15Իսկ ես քու երեսդ պիտի տեսնեմ արդարութեամբ. Երբ արթննամ՝ քու 10դէմքէդ պիտի կշտանամ։