Loading...

Psalm 18

Job  «  Psalm 17  ‹  Psalm 18  ›  Psalm 19  »  Proverbs


ԴԱՒԻԹԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԵՐԳԸ Գլխաւոր երաժիշտին՝ Տէրոջ ծառային՝ Դաւիթի սաղմոսը։ Ան ուղղեց Տէրոջ այս երգին խօսքերը այն օրը՝ երբ Տէրը ազատեց զինք իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն, եւ Սաւուղի ձեռքէն։ Ան ըսաւ.

1

Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։

2

Տէրը իմ ժայռս, բերդս ու փրկիչս է։ Աստուածս իմ վէմս է, ես անոր կ’ապաւինիմ, Ան է իմ վահանս ու փրկութեանս եղջիւրը, Եւ իմ միջնաբերդս։

3

Տէրոջ կը գոչեմ՝ որ գովելի է, Ու թշնամիներէս կ’ազատիմ։

4

Մահուան լարերը զիս պատեցին, 1Անօրէնութեան վտակները զիս զարհուրեցուցին.

5

2Դժոխքին լարերը զիս շրջապատեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս եկան։

6

Իմ տագնապիս մէջ Տէրը կանչեցի Եւ Աստուծոյս աղաղակեցի. Ան իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց, Ու աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջներուն հասաւ։

7

Այն ատեն երկիրը խախտեցաւ եւ շարժեցաւ, Լեռներուն հիմերը սարսեցան ու խախտեցան, Քանի որ անիկա բորբոքեցաւ։

8

Անոր քիթէն ծուխ բարձրացաւ, Ու բերանէն՝ սպառող կրակ. Անկէ կայծեր բռնկեցան։

9

Անիկա երկինքը հակեցուց եւ իջաւ. Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։

10

Քերովբէի վրայ 3ելաւ ու թռաւ, Եւ հովին թեւերուն վրայ սաւառնեցաւ։

11

Խաւարը իրեն ծածկոյթ 4ըրաւ. 5Կուտակուած ջուրերը, նօսր ամպերն ու թանձր ամպերը Իր շուրջը դրաւ իբր իրեն տաղաւար։

12

Անոր առջեւ եղող պայծառութենէն իր թանձր ամպերը անցան Կարկուտով ու կրակի կայծերով։

13

Տէրը երկինքին մէջ որոտաց, Եւ Ամենաբարձրը իր ձայնը լսել տուաւ՝ Կարկուտով ու կրակի կայծերով։

14

Իր նետերը արձակեց եւ զանոնք ցրուեց, Շատ փայլակներ ղրկեց ու զանոնք խուճապի մատնեց։

15

Ո՛վ Տէր, քու սաստովդ, Քու ռունգերուդ հովին արտաշնչումով՝ Ջուրերուն հունը երեւցաւ, Եւ երկրագունդին հիմերը յայտնուեցան։

16

Բարձրէն 6հասաւ, զիս բռնեց, Ու յորդառատ ջուրերէն զիս հանեց։

17

Իմ զօրեղ թշնամիէս եւ զիս ատողներէն ազատեց զիս, 7Որոնք ինձմէ հզօր էին։

18

Ձախորդութեանս օրը իմ առջեւս եկան, Բայց Տէրը ինծի նեցուկ եղաւ։

19

Զիս դուրս հանեց՝ ընդարձակ տեղ մը, Ու զիս ազատեց՝ որովհետեւ ինծի հաճեցաւ։

20

Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Ձեռքերուս մաքրութեան համեմատ կը հատուցանէ ինծի.

21

Որովհետեւ Տէրոջ ճամբաները պահեցի, Իմ Աստուծոյս հանդէպ ամբարիշտ չեղայ։

22

Արդարեւ անոր բոլոր դատավճիռները իմ առջեւս էին, Եւ անոր կանոնները ինձմէ չհեռացուցի.

23

Անոր առջեւ պարկեշտ եղայ, Եւ անօրէնութենէս զգուշացայ։

24

Տէրը ինծի հատուցանեց արդարութեանս համեմատ, Ձեռքերուս մաքրութեան համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւ է։

25

Կարեկիցին հետ կարեկից կ’ըլլաս, Պարկեշտ 8մարդուն հետ պարկեշտ կ’ըլլաս,

26

Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը 9ծռիս.

27

Արդարեւ դո՛ւն կ’ազատես տառապեալ ժողովուրդը, Եւ գոռոզ աչքերը կը ցածցնես։

28

Արդարեւ դո՛ւն կը վառես իմ ճրագս. Տէ՛րը՝ իմ Աստուա՛ծս կը ճառագայթէ խաւարիս վրայ։

29

Քեզմով գունդի մը դէմ կը վազեմ, Եւ իմ Աստուծմովս պարիսպին վրայէն կ’ոստնում։

30

Աստուծոյ ճամբան անթերի է. Տէրոջ խօսքերը փորձարկուած են. Ան վահան է բոլոր իրեն ապաւինողներուն։

31

Արդարեւ ո՞վ Աստուած է՝ Տէրոջմէն զատ, Կամ ո՞վ վէմ է՝ մեր Աստուծմէն զատ։

32

Աստուա՛ծ է որ զիս ոյժով կը գօտեւորէ. Ա՛ն անթերի կ’ընէ իմ ճամբաս։

33

Ոտքերս եղնիկի ոտքերուն 10նման կ’ընէ՝՝, Ու բարձունքներուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։

34

Ձեռքերս պայքարի կը վարժեցնէ, Եւ 11բազուկներս պղինձէ աղեղ կը լարեն՝՝։

35

Նաեւ քու փրկութեանդ վահանը տուիր ինծի, Քու աջ ձեռքդ զիս կազդուրեց, Եւ հեզութիւնդ զիս մեծցուց։

36

Քայլերս իմ ներքեւս լայնցուցիր, Ու ոտքերուս կոճերը չտատանեցան։

37

Թշնամիներս հալածեցի եւ անոնց հասայ. Չվերադարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք սպառեցի։

38

Զանոնք 12խոցեցի, ու չկրցան կանգնիլ. Անոնք ոտքերուս տակ ինկան։

39

Պատերազմի համար զիս ոյժով գօտեւորեցիր, Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։

40

Թշնամիներուս 13կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝՝, Որպէսզի զիս ատողները բնաջնջեմ։

41

Աղաղակեցին, բայց ազատարար չկար։ Տէրոջ աղաղակեցին, բայց անոնց չպատասխանեց։

42

Զանոնք ծեծեցի՝ հովին առջեւէն քշուած փոշիի պէս մանր, Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս աւլեցի։

43

Զիս ազատեցիր ժողովուրդին կռիւներէն. Զիս 14հեթանոսներուն գլխաւոր ըրիր։ Իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի կը հպատակի։

44

Ինծի կը հնազանդին՝ երբ իրենց ականջներով լսեն. Օտարազգիները 15իմ առջեւս կը քծնին՝՝։

45

Օտարազգիները կը կթոտին, Ու իրենց ամրափակ տեղերէն դուրս՝ 16կը դողան՝՝։

46

Տէրը կ’ապրի՛. օրհնեա՜լ ըլլայ իմ Վէմս. Թող բարձրանայ իմ փրկութեանս Աստուածը։

47

Աստուա՛ծ է որ իմ վրէժս կ’առնէ, Ժողովուրդները ինծի կ’ենթարկէ։

48

Թշնամիներէս զիս ազատելով՝ Նոյնիսկ ինծի դէմ կանգնողներէն աւելի բարձրացուցիր զիս, Ու բռնաւոր մարդէն ազատեցիր։

49

Ուստի հեթանոսներուն մէջ քեզ պիտի ներբողեմ, ո՛վ Տէր, Ես քու անունիդ սաղմոս պիտի երգեմ։

50

Ի՛նք է իր թագաւորին 17մեծ փրկութիւններ տուողը՝՝, Ու իր օծեալին՝ Դաւիթի եւ անոր զարմին հետ Կարեկցութեամբ վարուողը՝ յաւիտենապէս»։



1 Եբր.՝ Բելիարի
2 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանին
3 Եբր.՝ հեծաւ
4 Եբր.՝ դրաւ
5 Եբր.՝ Խաւար
6 Եբր.՝ ձեռքը երկարեց
7 Կամ՝ Որովհետեւ
8 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
9 Եբր.՝ խոտորիս
10 Եբր.՝ կը հաւասարեցնէ
11 Կամ՝ բազուկներովս պղնձէ աղեղ մը կը կոտրուի
12 Կամ՝ կոտրեցի
13 Կամ՝ ծոծրակը ինծի տուիր
14 Կամ՝ ազգերուն
15 Կամ՝ ինծի կը ստեն
16 Կամ՝ գօտիով կը կապուին
17 Եբր.՝ փրկութեան աշտարակը