Loading...

Psalm 19

Job  «  Psalm 18  ‹  Psalm 19  ›  Psalm 20  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, Ու երկինքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործը կը ցուցնէ։

2

Մէկ օրը միւս օրին կ՛արտայայտէ անոր խօսքը, Մէկ գիշերը միւս գիշերին կը պարզէ անոր գիտութիւնը։

3

Ո՛չ զրոյց կայ, ո՛չ ալ խօսքեր. Անոնց ձայնը չի լսուիր։

4

Բայց անոնց 1հնչիւնը տարածուեցաւ՝՝ ամբողջ երկիրը, Եւ անոնց խօսակցութիւնը՝ մինչեւ երկրագունդին ծայրը։ Անոնց մէջ Աստուած վրան մը 2կանգնեցուց արեւին համար,

5

Եւ 3ան իր առագաստէն ելլող փեսայի պէս է, Զօրաւոր մարդու պէս կը բերկրի՝ իր ուղին վազելով։

6

Երկինքի մէկ ծայրէն կ՛ելլէ, Ու կը շրջի մինչեւ միւս ծայրը. Ոչինչ կը ծածկուի անոր տաքութենէն։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԸ

7

Տէրոջ Օրէնքը անթերի է, անձը կը վերանորոգէ. Տէրոջ վկայութիւնը վստահելի է, միամիտը իմաստուն կ’ընէ։

8

Տէրոջ հրամանները ուղիղ են, սիրտը կ’ուրախացնեն. Տէրոջ պատուիրանները վճիտ են, աչքերուն լոյս կու տան։

9

Տէրոջ վախը սուրբ է, յաւերժ կը գոյատեւէ։ Տէրոջ դատավճիռները ճշմարիտ են, բոլորն ալ արդար են։

10

Աւելի ցանկալի են՝ քան ոսկին, ու մեծաքանակ զուտ ոսկին. Աւելի քաղցր են՝ քան մեղրը, եւ խորիսխէ կաթած մեղրը։

11

Անոնցմով իսկ կը խրատուի քու ծառադ, Ու զանոնք պահելուն 4վարձատրութիւնը մեծ է։

12

Ո՞վ կրնայ հասկնալ իր սխալները. Ծածո՛ւկ մեղքերէն 5մաքրէ զիս.

13

Հպարտութեա՛ն մեղքերէն ալ զերծ պահէ քու ծառադ, Անոնք թող չտիրեն ինծի։ Այն ատեն պարկեշտ կ’ըլլամ, Եւ անպարտ՝ մեծ յանցանքէ։

14

Բերանիս խօսքերն ու սիրտիս խորհրդածութիւնը Հաճելի ըլլան 6քեզի, Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս եւ փրկարա՛րս։



1 Եբր.՝ լարը դուրս ելաւ
2 Եբր.՝ դրաւ
3 Այսինքն՝ արեւը
4 Եբր.՝ հետեւանքը, կամ՝ պատճառը
5 Եբր.՝ անպարտ ըրէ
6 Եբր.՝ քու առջեւդ