Loading...

Psalm 20

Job  «  Psalm 19  ‹  Psalm 20  ›  Psalm 21  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Տէրը թող պատասխանէ քեզի տագնապի օրը , Յակոբի Աստուծոյն անունը թող պաշտպանէ քեզ.

2

Սրբարանէն թող օգնութիւն ղրկէ քեզի, Ու Սիոնէն կազդուրէ քեզ։

3

Բոլոր ընծաներդ թող յիշէ, Եւ ողջակէզներդ ընդունի։ (Սելա։)

4

Սիրտիդ համաձայն թող տայ քեզի, Ու բոլոր 1ծրագիրներդ 2իրագործէ։

5

Քու փրկութեամբդ պիտի ցնծանք, Եւ մեր Աստուծոյն անունով դրօշ բարձրացնենք։ Տէրը թող իրագործէ բոլոր խնդրանքներդ։

6

Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կ’ազատէ իր օծեալը, Անոր կը պատասխանէ իր սուրբ երկինքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկարար զօրութեամբ։

7

Ոմանք կառքերու կ’ապաւինին, ոմանք ալ՝ ձիերու. Բայց մենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։

8

Անոնք կքեցան եւ ինկան, Բայց մենք կանգնեցանք ու շիտակ կայնեցանք։

9

3Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը. Պատասխանէ՛ մեզի այն օրը՝ երբ գոչենք՝՝։



1 Կամ՝ խորհուրդներդ
2 Եբր.՝ լրացնէ
3 Կամ՝ Ո՛վ Տէր, փրկէ՛. թագաւորը մեզի թող պատասխանէ այն օրը՝ երբ գոչենք։