Loading...

Psalm 21

Job  «  Psalm 20  ‹  Psalm 21  ›  Psalm 22  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Տէր, քու զօրութեամբդ թագաւորը պիտի ուրախանայ, Ու քու փրկութեամբդ ո՜րչափ շատ պիտի խայտայ։

2

Անոր սիրտին փափաքը իրեն տուիր, Եւ անոր շրթունքին խնդրանքը չմերժեցիր։ (Սելա։)

3

Արդարեւ բարութեան օրհնութիւններով անոր ընդառաջեցիր. Անոր գլուխը զուտ ոսկիէ թագ դրիր։

4

Քեզմէ կեանք խնդրեց, Եւ անոր երկար օրեր տուիր՝ 1դարէ դար՝՝։

5

Անոր փառքը մեծ է քու փրկութեամբդ. Փառաւորութիւն ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։

6

Արդարեւ օրհնութիւնները յաւերժ 2հաստատեցիր անոր վրայ, Քու ներկայութեանդ մէջ 3մեծապէս ուրախացուցիր՝՝ զայն.

7

Քանի թագաւորը Տէրոջ կը վստահի, Ամենաբարձրին կարեկցութեամբ պիտի չսասանի։

8

Քու ձեռքդ պիտի գտնէ բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։

9

Զանոնք կրակի 4հնոցի պէս պիտի ընես 5երբ երեւնաս՝՝. Տէրը իր բարկութեամբ պիտի 6բնաջնջէ զանոնք, Ու կրակը պիտի սպառէ զանոնք։

10

Անոնց 7զաւակները երկրէն պիտի կորսնցնես, Եւ անոնց զարմը՝ մարդոց որդիներէն։

11

Եթէ քեզի դէմ չարութիւն 8ծրագրեն Եւ 9նենգութիւն մտածեն, պիտի չկարենան կատարել.

12

Արդարեւ դուն անոնց կռնակ դարձնել պիտի տաս, Երբ նետերդ հաստատես լարերուդ վրայ՝ անոնց երեսին դէմ։

13

Ո՛վ Տէր, բարձրացի՛ր քու ոյժովդ. Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։



1 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
2 Եբր.՝ դրիր
3 Եբր.՝ ուրախութեամբ ուրախացուցիր
4 Եբր.՝ փուռի
5 Եբր.՝ քու երեսիդ ատենը
6 Եբր.՝ կլլէ
7 Եբր. պտուղը
8 Եբր. ծռեն
9 Եբր.՝ նենգ մտադրութիւն