Loading...

Psalm 22

Job  «  Psalm 21  ‹  Psalm 22  ›  Psalm 23  »  Proverbs


ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՃԻՉ ՄԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Այելէթ-Շահարի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Իմ Աստուա՜ծս, իմ Աստուա՜ծս, ինչո՞ւ զիս լքեցիր. Զիս փրկելէն եւ 1աղաղակիս խօսքերէն հեռու կեցար։

2

Ո՛վ իմ Աստուածս, ցերեկը քեզի կը գոչեմ, սակայն չես պատասխաներ. Գիշերն ալ կը կանչեմ ու չեմ լռեր։

3

Բայց դուն սուրբ ես, Ո՛վ Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։

4

Մեր հայրերը քեզի վստահեցան. Վստահեցան, եւ ազատեցիր զանոնք։

5

Քեզի աղաղակեցին, ու փրկուեցան. Քեզի վստահեցան, ու չամչցան.

6

Բայց ես ճճի եմ, ո՛չ թէ մարդ. Մարդոց մէջ՝ նախատուած, ու ժողովուրդներուն մէջ՝ արհամարհուած։

7

Բոլոր զիս տեսնողները զիս կը ծաղրեն. Շրթունք կը բանան, գլուխ կը շարժեն՝ ըսելով.

8

«Տէրոջ 2դարձաւ, թող 3փրկէ զինք. Թող ազատէ զինք, որովհետեւ իրեն հաճեցաւ»։

9

Բայց դո՛ւն զիս դուրս քաշեցիր մօրս 4արգանդէն. Դո՛ւն ինծի վստահութիւն տուիր մօրս ծիծերուն վրայ։

10

5Քեզի՛ յանձնուեցայ՝՝ արգանդէն. Դո՛ւն ես իմ Աստուածս՝ մօրս որովայնէն։

11

Մի՛ հեռանար ինձմէ, որովհետեւ տագնապը մօտ է. Արդարեւ ո՛չ մէկը կ’օգնէ։

12

Շատ ցուլեր զիս շրջապատեցին, Բասանի հզօր ցուլերը զիս պաշարեցին։

13

Իրենց երախը ինծի դէմ բացին՝ Բզքտող ու մռնչող առիւծի պէս։

14

Ջուրի պէս թափուեցայ, Եւ բոլոր ոսկորներս քակուեցան. Սիրտս մեղրամոմի պէս եղաւ, Ընդերքիս մէջ հալեցաւ։

15

Ոյժս չորցաւ 6խեցատի մը պէս, Ու լեզուս քիմքիս փակաւ. Զիս մահուան հողը դրիր։

16

Արդարեւ շուները զիս շրջապատեցին, Չարագործներուն խումբը զիս պաշարեց, Ձեռքերս եւ ոտքերս ծակեցին.

17

Բոլոր ոսկորներս կրնամ 7համրել։ Անոնք զիս կը դիտեն, ինծի կը նային.

18

Իմ հագուստներս իրենց մէջ կը բաժնեն, Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։

19

Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինձմէ. Ո՛վ իմ զօրութիւնս, արտորա՛ ինծի օգնելու.

20

Ազատէ՛ իմ անձս սուրէն, Ու 8կեանքս՝ շունին թաթէն։

21

Ազատէ՛ զիս առիւծին երախէն, 9Գոմէշներուն եղջիւրներէն։ Ինծի պատասխանցիր։


ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ

22

Քու անունդ եղբայրներուս պիտի հռչակեմ, Համախմբումին մէջ քեզ պիտի գովաբանեմ։

23

Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, գովաբանեցէ՛ք զայն, Ո՛վ Յակոբի ամբողջ զարմը, փառաւորեցէ՛ք զայն, Ո՛վ Իսրայէլի ամբողջ զարմը, վախցէ՛ք անկէ.

24

Որովհետեւ չարհամարհեց ու 10չքամահրեց դժբախտին տառապանքը, Ու երեսը անկէ չծածկեց, Հապա լսեց՝ երբ իրեն աղաղակեց։

25

Քեզ պիտի գովաբանեմ մեծ համախմբումին մէջ. Իմ ուխտերս պիտի կատարեմ իրմէ վախցողներուն առջեւ։

26

Հեզերը պիտի ուտեն ու կշտանան. Տէրը փնտռողները զայն պիտի գովաբանեն. Ձեր սիրտը յաւերժ պիտի ապրի։

27

Երկրի բոլոր ծայրերը պիտի յիշեն ու Տէրոջ վերադառնան, Ազգերուն բոլոր գերդաստանները քու առջեւդ պիտի երկրպագեն.

28

Որովհետեւ Տէրո՛ջն է թագաւորութիւնը, Եւ ա՛ն կը տիրէ ազգերուն վրայ։

29

Երկրի բոլոր պարարտները պիտի ուտեն ու երկրպագեն. Բոլոր հողը իջնողները պիտի 11ծնրադրեն անոր առջեւ, Նաեւ ա՛ն՝ որ չի կրնար իր անձը ողջ պահել։

30

12Զարմ մը՝՝ պիտի պաշտէ զայն. Տէրոջ մասին պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին.

31

Պիտի գան եւ անոր արդարութիւնը հռչակեն Այն ժողովուրդին՝ որ պիտի ծնի, Թէ այս բանը ա՛ն իրագործեց։



1 Եբր.՝ մռնչիւնիս
2 Եբր.՝ գլորեցաւ
3 Եբր. ազատ արձակէ
4 Եբր.՝ փորէն
5 Եբր. Քո՛ւ վրադ նետուեցայ
6 Այսինքն՝ թրծուած կաւի կտորի
7 Եբր.՝ հաշուել
8 Եբր.՝ մէկ հատիկս
9 Կամ՝ Միեղջերուներուն
10 Եբր.՝ պիղծ չսեպեց
11 Եբր. ծռին
12 Կամ՝ Իմ զարմս