Psalm 23
Job « Psalm 22 ‹ Psalm 23 › Psalm 24 » Proverbs
ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԸ Դաւիթի սաղմոսը։
1Տէրը իմ հովիւս է. Ես ո՛չ մէկ բանի կարօտ պիտի ըլլամ։
2Զիս դալար մարգագետիններու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով կը տանի։
3Անձս կը վերանորոգէ. Զիս կ’առաջնորդէ արդարութեան արահետներուն մէջ՝ իր անունին համար։
4Նոյնիսկ եթէ մահուան շուքի ձորէն քալեմ, Ո՛չ մէկ չարիքէ պիտի վախնամ. Որովհետեւ դուն ինծի հետ ես, Քու գաւազանդ ու ցուպդ են որ զիս կը հանդարտեցնեն։
5Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս՝ իմ հակառակորդներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս լեփ-լեցուն է։
6Անտարակոյս բարօրութիւնն ու կարեկցութիւնը 1ինծի պիտի հետեւին՝՝ Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ, Եւ 2ընդմիշտ Տէրոջ տունը պիտի բնակիմ։